2016-01-20 10:02:00

Տինքի յիշատակին արարողութիւն տեղի ունեցած է իր հայրենի Մալաթիոյ մէջ


Պոլսահայ մտաւորական, «Ակօս» պարբերականի նախկին գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի մահուան 9-­րդ տարելիցը նշած են անոր ծննդավայրին` Մալաթիոյ մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական Demokrathaber.net­-ը:

Ի յիշատակ Տինքի` Մալաթիոյ մէջ զգալի թիւով մարդիկ հաւաքուած էին այն տան առջեւ, ուր մինչեւ եօթ տարեկան ապրած է պոլսահայ մատաւորականը: Հաւաքուածներուն անունով ելոյթ ունեցող Հուսամէտտին Քուրուլթայը նշած է, որ Տինքի սպանութեամբ մարդկութիւնը կորսնցուց իր քաջ զաւակը, որ կեանքը նուիրած էր յանուն այն գաղափարի, որ բոլոր ճնշուածներն ու հալածուածները իրենց կեանքը պատուով ապրին: «Արդէն 9 տարի է` մեր ցաւն ու զայրոյթը չի պակսիր: Մենք կրկին այստեղ ենք` ըսելու, որ մեր յոյսը չի պարտուիր ժամանակին»,- ըսած է ան։








All the contents on this site are copyrighted ©.