2016-01-20 10:37:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ։ Սնունդի կարեւորութիւնը


Օրուան ընթացքին ընդունուած սովորութիւնը այն է, որ մարդ երեք անգամ կերակուրով պէտք է սնանի: Տարբեր տեսակի սննդականոնի հետեւողներ կամ յատուկ սահմանափակումներով իրենց առողջութեան հոգ տանելու անունին տակ անօթութեան տոկացող մարդիկ, կրնան նոյնիսկ օրական մէկ անգամ սնանիլ:
Սննդականոնը ի՛նչ օրէնքներ ալ սահմանէ կամ ընդունուած աւանդական կարգը ի՛նչ պարտաւորութիւններ ալ դնէ, մարդ էակը այնպիսի մարմին ունի, որ առանց սնունդի չի՛ կրնար գոյատեւել: Ուստի, ապրող որեւէ էակ, ասուն թէ անասուն, իր կենդանութիւնը պահելու համար պէտք է ուտէ ու խմէ:
«Մարդ ո՛չ միայն կերակուրով, այլ նաեւ Աստուծոյ Խօսքով կ՛ապրի, ըսած է Յիսուս։ Մարդը  անասունէն կը զատորոշուի նաեւ՝ իր սննդականոնով, որուն մէջ կերակուրի կողքին նաեւ կայ հոգեկան սնունդը, որուն աղբիւրը Աստուծոյ Խօսքն է ու Անոր հայրական պատուէրը:
Առօրեայ կեանքի հեւքին մէջ, սակայն, շատ քիչեր կը գիտակցին, թէ իրենք նաեւ հոգեկան սնունդի կարիք ունին: Առաւօտուն արթննալէ ետք ոմանք սովորութիւն դարձուցած են իրենց նախաճաշէն առաջ Աստուածաշունչէն գէթ գլուխ մը կարդալ: Սա այն պարագան է, երբ մարդ խորապէս կը գիտակցի իր հոգեւոր եւ ֆիզիքական գոյութիւն ըլլալուն: Ճիշդ է, այդ պահուն իր ստամոքսը կը գալարուի մանաւանդ ամբողջ գիշերը անօթի մնացած ըլլալուն հետեւանքով, սակայն միաժամանակ գիտէ ան, թէ իր հոգին եւս կարիք ունի սնանելու:
Իւրաքանչիւր անձ, մանաւանդ աշխատանքէն պարտասած, կէսօրին այլ մտահոգութիւն չ՛ունենար, քան այն՝ թէ ի՞նչ պիտի ուտէ: Աշխատանքային դրութենական ձեւի մէջ մտած անձեր, որոնց ճաշի դադարը յստակ ժամ ունի, առհասարակ գիշերը կը պատրաստեն այն կերակուրը, զոր յաջորդ օր իրենց հետ գործատեղի պիտի տանին: Անոնցմէ քանի՞ն կը խորհի այդ կերակուրի կողքին Աւետարանէն հատուած մը տանիլ… Թերեւս նման գաղափարներ ծիծաղելի ալ թուան ոմանց, սակայն այս բոլորը կ՛ըսուին ցոյց տալու, թէ մարդ իր ֆիզիքական գոյութիւնը պահպանելու համար շատ աւելի մտահոգութիւն կ՛արտայայտէ իր կեանքին ընթացքին, քան՝ հոգեկան գոյութիւնը բարելաւելու:
Հոգեկան սնունդի կարեւորութիւնը շեշտող անձնաւորութիւններուն մէջ եւս պէտք է զանազանութիւն դնել, մէկ ծայրայեղութենէ միւս ծայրայեղութեան չհասնելու համար:
Հոգեկան սնունդը անկասկած կարեւոր է, սակայն մեր հայրերը զայն ճաշակելու մասնաւոր կերպ որդեգրած են: Աստուածաշունչը օրական դրութեամբ կարդալու յատուկ կանոն կայ «Ճաշոց» կոչուած եկեղեցական-արարողական գիրքերու շարքին, որուն մէջ ամէնօրեայ ընթերցումները արձանագրուած են հերթականութեամբ: Ուրեմն, հոգիիդ սնունդը մի՛ մոռնար, սակայն գիտցի՛ր ի՞նչ է կերածդ:








All the contents on this site are copyrighted ©.