2016-01-20 10:29:00

Իսլամ Պատուիրակութիւն մը Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 20 Յունուար 2016-ի առաւօտեան ժամը 8,50, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց Մահմետական հասարակութիւնը ներկայացնող մէկ պատուիրակութիւն մը որ Նորին Սրբութեան պաշտօնական հրաւէր մը ներկայացուց այցելելու համար Հռոմի Մզկիթը։ Սրբազան Քահանայապետը ապա ընդունեց Սուտանի եւ Հարաւային Սուտանի եպիսկոպոսները որոնք Հռոմի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին Ժողովուրդներու աւետարանումի Ժողովին կազմակերպած յատուկ հաւաքին։ Հանդիպումներու աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ  հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.