2016-01-20 10:28:00

Երկու գառնուկներու նուիրում Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Ագնէսի տօնին առթիւ


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 21 յունուարին, Լատինաց ծէսի համաձայն կը նշուի Սուրբ Ագնէսի տօնը։ Այս առթիւ,  աւանդութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան  Քահանայապետը կ՛օրհնէ 2 նորածին գառնուկներ, որուն բուրդով ապա կը հիւսուի ''Պալիումը'' կամ Եմիփորոնը որ ապա կը յանձնուի նորանշանակ Արքեպիսկոպոսներուն։ Պալիումը կամ եմիփորոնը ուրար մըն է, զոր Հայրապետը կը կրէ շուրջառին վրայէն, զայն փաթթելով մարմնին շուրջ եւ ուսէ ուս։ Պալիոմը կազմուած է սպիտակ բուրդէ կառուած­ երկար եւ բարակ կտաւէ մը, որուն վրայ կը գտնենք մետաքսէ սեւ թելցանով կառուած  թիւով վեց խաչեր։ Պալիումներու օրհնութիւնը կը կատարուի ամէն տարի 29 յունիսին, Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին օրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.