2016-01-19 10:07:00

Քրիստոնեաներու Միութեան հեռանկարներ 2016 թուականին համար


(Ռատիօ Վատիկան) Քրիստոնեաներու միութիւնը առաջիկայ տարւոյն մէջ մեծ եւ բազմազան մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի։ Տարւոյս յունուարի 18ին կը սկսի «Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթը»։ Կաթողիկէ եկեղեցին համամիութենական  երկխօսութիւն կը մշակէ Ուղղափառ, Արեւելածէս, Անկլիքան եւ Լուտերական եկեղեցիներու հետ։ Այս առիթով Կարդինալ Քուրդ Քոխ՝ Նախագահ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Քահանայապետական Խորհուրդի, հարցազրոյց մը տուած է տարւոյս համար որդեգրուած բնաբանի շուրջ, առնուած Պետրոս Առաքեալի նամակէն՝ «Կոչուած՝ աւետարանելու Աստուծոյ հրաշալի գործերը» (հմմտ. Ա. Պետր Բ. 9)

Ծիրանաւորը այս հարցազրոյցին մէջ նշէ, թէ Յոբելինական այս տարին լաւ առիթ մըն է միասնաբար խոկալու քրիստոնէական հաւատքի կորիզին, Աստուծոյ ողորմածութեան շուրջ։

Այս տարի պիտի կատարուին նաեւ տօնախմբութիւններ բողոքական շարժումի 5րդ դարադարձին առիթով։ Այս առթիւ հրատարակուած է նաեւ գրութիւն մը, խորագրուած՝ «հակամարտութենէ դէպի հաղորդութիւն»։ Միասնաբար կատարուած տօնախմբութիւնները նպատակ ունին խորացնելու յարաբերութիւնները կաթողիկէ եւ լուտերական եկեղեցիներու միջեւ։ 5 դարեր առաջ բաժանումը առիթ դարձած էր արիւնալի պատերազմներու։ Իսկ արդ պէտ է ներում խնդրենք եւ յոյսով լեցուինք ապագայի նկատմամբ, կʼըսէ Կարդինալը։

Հարցազրոյցի ընթացքին Կարդինալ Քոխ կʼանդրադառնայ համայն Ուղղափառ եկեղեցիներու ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ տարւոյս գառնան։ Այս եկեղեցիները հազար տարիներէ ի վեր այսպիսի ժողով մը չեն գումարած։ Ասոր համար Ծիրանաւորը զայն կը նկատէ դարակազմիկ պատահար մը։ Ան յոյսով է, որ այս ժողովը մեծ օգնութիւն պիտի ըլլայ նաեւ կաթողիկէ-ուղղափառ եկեղեցիներու երկխօսութեան համար։

Վերջապէս, հարցազրոյցին մէջ կը յիշուի տարւոյս փետրուար ամսոյն գոյանալիք հանդիպումը ոչ կաթողիկէ արեւելածէս եկեղեցիներու հետ, Գահիրէի մէջ։ Այս հանդիպումը երկխօսութեան մը երրորդ հանգրուանն է։ Առաջին հանգրուանը քննարկած էր եկեղեցւոյ սահմանադրութիւնը եւ կենդրոնը. երկրորդ հանգրուանը՝ հաղորդութիւն եւ հաղորդակցութիւն եկեղեցիներու միջեւ՝ առաջին հինգ դարերուն։ Իսկ այս երրորդը պիտի ըլլայ երկխօսութիւն խորհուրդներու շուրջ. եւ յատկապէս մկրտութեան խորհուրդի շուրջ։ Կարդինալ Քոխ կը նկատէ, թէ սա դիւրին խնդիր մը չէ, որովհետեւ որոշ արեւելածէս եկեղեցիներ տակաւին ունին կրկնամկրտութեան սովորութիւնը՝ ինչպէս պսակի կամ դաւանափոխութեան պարագային։








All the contents on this site are copyrighted ©.