2016-01-19 10:21:00

Սուրբ Կոյսը Ծննդեան խորհուրդին մէջ


Այս օրերուն մինչ կը նշենք Սուրբ Կոյսին տօնը,  պատահական չէ որ Եկեղեցին այս անուան կը կցէ այնքան գեղեցիկ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐ մակդիրը, քանի որ ան դարձաւ մանուկ Յիսուսին՝ նոր Փրկչին, նոր Մեսիային եւ Առաքեալին մայրը։ Քանի որ ան արժանիքը ունեցաւ կոչուելու  բոլորի՛ս Փրկչին՝ Յիսուսի մայրը։

Մեզի թերեւս դժուար թուի հասկնալ այս անուանումներուն նշանակութիւնը, որովհետեւ զանոնք հասկնալու համար պէտք է յետադարձ ակնարկով մը սկսիլ փրկչագործութեան խորհուրդէն, վերադառնալ խորհուրդին յաւիտենական ու ամենազօր   Աստուծոյ՝ որ մարմնացաւ ու մարդացաւ նորածին մանուկի պատկերով։ Այս կերպով Յիսուս ուզեց ընդգրկել մարդու բոլոր պայմանները բացի մեղքէն։  Այս մանուկը կրնար աշխարհ գալ որպէս տարբեր աստղահոյլէ մը եկած գերհերոս մը՝ իր  անհաւատալի կարողութիւններով փրկելու համար մարդկութիւնը։ Սակայն այդպէս չըրաւ։  Այլ եկաւ բոլոր մարդոց նման, կնոջ մը՝ Սուրբ Կոյս Մարիամին միջոցաւ, որ եղաւ իր սիրելի մայրը։ Ասիկա խորհուրդ մըն է  որ վեր է մարդկային հասկացողութենէն։ Սակայն այս խորհուրդը կը վերաբերի բոլորիս, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրին, բոլորիս համար եկաւ Յիսուս, փրկելու համար մեզմէ իւրաքանչիւրը, զի՛ս, ձե՛զ, բոլո՛րս։

Ծննդեան այս ուրախութեան, տօնական, իրարու հանդիպելու, իրարու հետ տեսակցելու եւ  այս գեղեցիկ պահերը   եղբայրներու ու բարեկամներու հետ կիսուելու օրերուն, հարկ է միաժամանակ ժամանակը  գտնել դիտելու Յիսուս մանուկը,  անոր պատկերին ընդմէջէն  հասկնալու համար  այն ինչ որ  իրապէ՛ս կարեւոր է մեր կեանքին մէջ, վեր մնալու համար մակերեսայնութենէն,  խորհրդածելու համար մեր հոգերուն, պարտականութիւններուն ու հաւատքի մասին։ Մոգերուն ու հովիւներուն նման երթանք միանանք Սուրբ Կոյսին եւ փորձենք հասկնալ անոր դերը մսուրին դիմաց, փորձենք դիտել, մտածել, զգալ ու ապրիլ անոր նման, որովհետեւ այս պահը կարեւոր է մեր հոգեւոր կեանքին համար, այս պահը ներշնչումի աղբիւր է մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար։

Արդարեւ, Աւետարանին մէջ Յիսուսի ծննդեան ամբողջ նկարագրութիւնը լեցուն է աղքատութեամբ ու պարզութեամբ։  Յիսուս ծնաւ անասուններու մսուրի մը մէջ, պառկեցաւ յարդի վրայ, անոր առաջին այցելուները եղան շրջակայքի պարզ հովիւները։ Այս բոլորին վկան եղաւ եւ այս բոլորը դիտեց Յիսուսին մայրը եւ այս բոլորէն կը ժայթքի խաղաղութեան եւ մեծ ուրախութեան մթնոլորտ մը, որ կը վերաժայթքի մինչեւ այսօր մեր ընկերութենէն ներս։ Այս բոլորէն ի յայտ կու գայ այն կապը որ գոյութիւն ունի աղքատութեան եւ ուրախութեան, պարզութեան ու խաղաղութեան միջեւ։ Այն որ կ’աշխատի միշտ ունենալ աւելին ու աւելին, երբեք պիտի չգտնէ ճշմարիտ ուրախութիւնը, որովհետեւ երբեք պիտի չգիտնայ իրապէս օգտուիլ իր ունեցածէն, եւ իր  սիրտը փակ պիտի ըլլայ ուրիշներուն առջեւ այն մտավախութեամբ որ ուրիշները իրմէ կրնան խլել իր ունեցածը։

Այն որ ամէն ինչի բացատրութիւնը կը փնտռէ, միշտ կ’ուզէ իր հակակշռին տակ պահել ամէն ինչ եւ հասկնալ ամէն ինչ՝ երբեք խաղաղութիւն պիտի չգտնէ, որովհետեւ երբեք պիտի չկարենայ  ամբողջութեամբ հակակշռել ամէն ինչ որ կը պատահի իր կեանքին մէջ եւ իր շուրջ։

Հետեւաբար,  խաղաղութիւնը եւ ուրախութիւնը գտնելու համար,  փորձենք  մեր կեանքը ապրիլ համաձայն օրինակին այն աղքատութեան ու պարզութեան զոր Յիսուս, Մարիամ, Յովսէփ եւ հովիւները ցոյց  տուին մեզի։

Շնորհակալ ըլլանք Մարիամին, որ Յիսուս Փրկիչը մեզի հետ եւ մեր մօտ ունենալու հնարաւորութիւնը տուաւ մեզի։ Խնդրենք Մարիամէն որպէսզի օգնէ մեզի իր նման դիտելու այն ինչ որ Աստուած կ’ընէ մեր կեանքին մէջ։ Օգնէ մեզի կատարելու իր կամքը մեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան։ Միաժամանակ շնորհակալ ըլլանք Տիրոջ մեզի պարգեւած ըլլալուն համար իր Մայրը, Սբ. Կոյս Մարիամը,  որ Իր վրան հսկելէ ետք այսօր ալ կը հսկէ մեր վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.