2016-01-19 09:49:00

Միացեալ Նահանգներ Իրանին պիտի վճարեն 1,7 միլիառ տոլարի պարտք եւ տոկոսներ


ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ Թեհրանին պիտի վճարեն 1,7 միլիառ տոլարի պարտքը:

Լրատուամիջոցները կը մանրամասնեն, որ խօսքը Թեհրանին ունեցած 400 միլիոն տոլար պարտքին մասին է, որ սառեցուած էր 1981-էն: Այժմ ատոր գումարուած են այս տարիներուն ընթացքին կուտակուած տոկոսները, որոնք կը կազմեն 1,3 միլիառ տոլար:

Օրին Իրան 400 միլիոն տոլարի գումարով Միացեալ Նահանգներէն սպառազինութիւն պիտի գնէր, սակայն հետագային առուծախը վերածուած էր տասնամեակներ տեւած դատավարութեան:

Այժմ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ խնդիրը լուծուած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.