2016-01-18 10:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատմական հանդիպումը Հռոմի հրեայ հասարակութեան հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Հրեաներն ու քրիստոնեաները Աստուծոյ մէկ ընտանիքի եղբայրներ ու քոյրեր են, զոր Աստուած կը պաշտպանէ որպէս իր ժողովուրդը'' այս եղաւ առանցքը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ճառին` զոր արտասանեց Կիրակի 17 յունուար 2016-ի յետմիջօրէին, Հրեաներու Հռոմի աւագ տաճարին մէջ, Հրեայ հասարակութեան քաղաքացիական եւ կրօնական ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին։ Իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց իր` հրեայ ժողովուրդին հետ ունեցած բարեկամութեան, մինչ Պուէնոս Այրէսի Արքեպիսկոպոս էր, հաստատելով թէ միջ-կրօնական երկխօսութեան ծիրէն ներս հարկաւոր է ''իրարու հանդիպիլ որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր մեր Արարիչին դիմաց, ու Անոր մատուցել փառաբանութիւն, ապա իրար զիրար յարգել ու միասնաբար համագործակցիլ''։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Հրեայ- քրիստոնեայ երկխօսութեան ու երկու կրօններու միջեւ կայացած կապին` որպէս եղբայրներ միացած միեւնոյն Աստուծոյ շնորհիւ։

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց իր նախորդներուն տուած այցելութիւններուն Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ` 13 ապրիլ 1986 եւ Պենետիկտոս ԺԶ` վեց տարիներ առաջ։

''Որպէս Կաթողիկէներ եւ Հրեաներ կանչուած ենք մեր պատասխանատուութիւնը ստանձնել այս քաղաքին նկատմամբ, սատարելով անոր հոգեւոր պիտոյքներուն ու երաշխաւորելով անոր հարցերու լուծումը''  հրաւէր ուղղեց Սրբազան Հայրը ընդգծելով Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի ''Nostra aetate'' վաւերագիրի ու անոր շնորհիւ 50 տարիներու ընթացքին իրականացած երկխօսութեան կապերու ամրապնդումը։

 

Սրբազան Քահանայապետը դատապարտեց ապա հակասեմական որեւէ ձեւ ու անորմէ բխած որեւէ անհանդուրժողականութիւն եւ հալածանք հուսկ ակնարկեց ներկայ աշխարհի դիմաց կայացած մարտահրաւէրներուն ու այդ մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւելու հարկաւորութեան մասին, համայն մարդկութեան տանելով Սուրբ Գիրքի պատգամը հայող արարչագործութեան խնամքին։      

''Հակամարտութիւններ, պատերազմներ, բռնութիւններ եւ անարդարութիւնները մարդկութեան մէջ կը բանան խոր վէրքեր ու մեզ կը կանչեն հզօրացնելու մեր յանձնառումը ի սպաս արդարութեան եւ խաղաղութեան։ Մարդու դէմ մարդէն գործադրուած բռնութիւնը հակասական է որեւէ կրօնի ու յատկապէս միաստուածեան կրօններուն։ Կեանքը սուրբ է եւ Աստուծոյ պարգեւ։ Հինգերորդ պատուիրանը կ՛ըսէ ''մի սպաներ''։ Աստուած կեանքի Աստուած է։ Ամէն մարդ էակ, ամէն արարած մեր եղբայրն է անկախ իր ծագումէն եւ իր կրօնական պատկանելիութենէն։ Այնտեղ ուր կեանքը վտանգի մատնուած է կանչուած ենք զայն պաշտպանելու։ Ոչ բռնութիւնը եւ ոչ ալ մահը կարող են վերջին բառը ունենալ Աստուծոյ դիմաց որ է սիրոյ ու կեանքի Աստուած։ Յարեց Նորին Սրբութիւնը ու նշեց Հրեայ ժողովուրդին ապրած տառապանքը, բռնութիւններն ու հալածանքը մինչեւ ողջակիզում ու վերյիշեց այդ աղէտին զոհերը հաստատելով թէ ''անցեալը պէտք է դաս մը ըլլայ ներկայի ու ապագայի համար։ ''Շոա''ն մեզի կը սորվեցնէ թէ հարկաւոր է միշտ արթուն հսկել եւ անմիջականօրէն միջամտել պաշտպանելու համար մարդկային արժանապատուութիւնն ու խաղաղութիւնը''։

Սիրելի աւագ եղբայրներ, ըսաւ ապա Քահանայապետը իր ճառին աւարտին, գոհութիւն մատուցենք յիսուն տարիներու ընթացքին իրագործուած քայլերուն ու միասնաբար աղօթենք Տէրը որպէսզի մեր ուղեւորութիւնը առաջնորդէ դէպի բարի ու աւելի լաւ ապագայ։ Թող Տէրը օրհնէ մեզ ու պահապան կանգնի մեզի։ Մեր վրայ ուղղէ իր հայեացքը ու մեզի պարգեւէ խաղաղութիւն։ Շալոմ Ալեհեմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.