2016-01-18 12:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 18 Յունուարի գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 18 յունուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Տիկ Քրիստին Լակարտը Միջազգային արժոյթի հիմնադրամի ընդհանուր տնօրէնուհին ու անոր ընկերացող շքախումբը ապա` Սուրբ Էնրիքոսի տօնին առթիւ ունկնդրութիւն շնորհեց Ֆինլանտայի Լուտերական եկեղեցւոյ մէկ ''Էքումենիք'' պատուիրակութեան որմէ ետք ընդունեց Մոնաքոյի Իշխան Ալպերթօ Բ, իրեն ընկերացող իշխանուհի Շարլին եւ պատուիրակութեան անդամները հուսկ ընդունեց` Մեծն Պրիթանիոյ մօտ Պապական նուիրակ` գերապայծառ Անթոնիօ Մեննինի եւ Սքովտիօ Էտինպուրկի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Լէօ Ուիլիամ Քաշլի։

Ժամը 12,15 անց Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի Պետութեան հանրային ապահովութեան տեսչութեան մարմնի ղեկավարներուն ու անձնակազմին եւ այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ անգամ մը եւս իր երախտագիտութիւնը յայտնեց անոնց` իրենց Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի Պետութեան ի սպաս կատարած ծառայութեան համար։

Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց թէ այսօրուայ հանդիպումը նշանակալից է որովհետեւ Ողորմութեան Սուրբ տարուայ ծիրէն ներս կը կատարուի եւ դուք կանչուած էք այս տարուայ ընթացքին աւելի յանձնառումով գործելու եւ հսկելու որպէսզի արտաքին կարգավիճակը սատարէ ներքին հանգստութեան ու անդորրութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց Սուրբ Ծննդեան տօնին եւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ զետեղուած մսուրին ուր կը գտնուի Մանուկը որ է ''սրտերու իսկական մխիթարիչը եւ իսկական լոյսը որ մեր կեանքը կը լուսաւորէ''։ Անոր մէջ կը տեսնենք Աստուծոյ ողորմած դիմագիծը ու անոր մէջ ընկալեցինք սիրոյ ու ներումի նորոգուած հրաւէրը։  ''Թող այս փորձառութիւնը մեզի ընկերանայ Սուրբ տարուայ ընթացքին ու Ողորմութեան յոբելեանը բոլորին համար ըլլայ Աստուծոյ եւ եղբայրներուն հետ հաշտութեան ժամանակ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը եզրափակեց ներկաներուն վրայ հայցելով Տիրոջ հովանին եւ Մարիամ Սուրբ Աստուածածնայ մօտիկութիւնը ապա անոնց ապահովեցուց իր աղօթքները ու խնդրեց որ իրենց կարգին աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.