2016-01-18 12:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆինլանտայի Լուտերական Եկեղեցւոյ մէկ պատուիրակութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 18 յունուարի առաւօտեան, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆինլանտայի Լուտերական եկեղեցւոյ պատուիրակութիւն մը,  որ Սուրբ Հենրիքոյի տօնի առթիւ Հռոմ ժամանած է`  աւանդական ուխտագնացութիւնը կատարելու։

Այս առթիւ անոնց ուղղած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը, Լուտերական եկեղեցւոյ համամիութենական բնոյթ ունեցող ուխտագնացութիւնը համարեց որպէս բացայայտ նշան այն իրականութեան ՝թէ ինչպէս լուտերականներն, օրթոտոքսները, կաթողիկէները  միասնաբար կը բաղձան վկայութիւն տալ Յիսուս Քրիստոսի` որ է միութեան հիմքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ   ապա յայտնեց թէ  բոլոր քրիստոնեաներու հասարակաց կոչումը ընդգծուած է այս տարուայ  Քրիստոնեաներու միութեան  աղօթքի  շաբաթուայ համար  ընտրուած նիւթին մէջ՝ քաղուած Սուրբ Պետրոսի Առաջին թուղթէն։ Ան ապա յայտնեց թէ երկխօսութեամբ կատարուած կարգ մը   վարդապետական եւ դաւանական  տարբերութիւններ տակաւին կը գոյատեւեն ու հաստատեց թէ  այս մէկը պէտք չէ որ վհատութեան առիթ ըլլայ այլ պէտք է խթան դառնայ միասնաբար յարատեւելու դէպի առաւելագոյն միութեան ուղիին վրայ, նաեւ  շրջանցելով հին մտայղացումներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  հրաւիրեց`  հակամարտութիւններով խոցուած  եւ աշխարհականութեամբ եւ անտարբերութեան յատկանշուած  ներկայ աշխարհին մէջ միացած գործելու՝ Յիսուս Քրիստոսը դաւանելու եւ  միշտ աւելիով դառնալու միութեան եւ խաղաղութեան հաւատալի քրիստոնեաներ ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն ու համերաշխութիւն կերտողներ։

Խօսքին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ  յոյս յայտնեց որ սոյն  հանդիպումը  առ աւելիով ամրապնդել տարբեր հասարակութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը, խնդրելով ներկաներէն որ աղօթեն իրեն համար եւ հրաւիրեց միասնաբար աղօթել Տէրունական Հայր Մեր աղօթքը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.