2016-01-18 09:21:00

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 18 Յունուարէն մինչեւ 25 յունուար, աշխարհի համայն եկեղեցիներու մէջ կը նշուի քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի ութօրէքը որուն ընթացքին քրիստոնեայ աշխարհը իր աղօթքները կը բարձրացնէ առ Աստուած` հայցելու համար քրիստոնեաներու միութիւնը։

Ամէն տարի այս շաբթուայ ընթացքին կ՛ընտրուի յատուկ աղօթքի խորհրդածութեան նիւթ մը եւ 2016-ի խորհրդածութեան նիւթը ներշնչուած է Պետրոս առաքեալի ընդհանրական առաջին թուղթէն (1 Պետ﹒2,9) ʺկանչուած էք հռչակելու համար Տիրոջ գովաբանութիւնները''։

Առօրեայ խորհրդածութիւններու շարքը պատրաստեց Լեթթոնիայի համամիութենական միջ-դաւանական յանձնախումբ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.