2016-01-18 09:59:00

Ռայի Պապտրիարք ՝՝Լիբանանի բնակչութեան կէսը բաղկացած է սուրիացի գաղթականներէ՝՝


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի, 18 յունուարին, Հարիսայի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին արտասանեց քարոզ մը` կոչ ուղղելով անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարել:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան չի կրնար հանդուրժել այն իրականութիւնը, թէ  երկրին բնակչութեան կէսը բաղկացած է սուրիացի գաղթականներէ:

Ան աւելցուց նաեւ, որ անկարելի է ընդունիլ, որ այդ գաղթականները լիբանանցիներուն տնտեսական եւ քաղաքական շահերուն հաշուոյն մնան Լիբանանի մէջ:

Ռայի պատրիարքը խստիւ քննադատեց երկրին քաղաքական վերնախաւին քանդիչ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ արձանագրուած սահմանադրական խախտումները, որոնք արտագաղթի դռները լայն կերպով բացած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.