2016-01-18 09:20:00

Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը Իրանի դէմ պատժամիջոցները չեղեալ յայտարարեցին


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարած են Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները վերցնելու մասին:

Որոշումը յայտարարուած է 16 յունուարի ուշ երեկոյեան` Վիեննայի մէջ:

Քերրին եւ Մոկերինին ելոյթ ունեցած են, երբ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Եուքիա Ամանօ հանդէս եկած էր անցեալ տարուան յուլիսին Իրանի կողմէ Հիւլէական համաձայնագիրի ծիրին մէջ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման մասին զեկուցումով:

Ամանօ հաստատած է, որ Թեհրանի գործողութիւնները կը թոյլատրեն պատժամիջոցները չեղեալ նկատել: Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ «տեսուչները հաստատած են, որ Իրանը կեանքի  կոչած է համաձայնագիրի կէտերը»:

Նշենք, թէ Իրանի եւ վեց գերպետութիւններու` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ միջեւ պատմական համաձայնագիրը ստորագրուած է 14 յուլիս 2015-ին` Վիեննայի մէջ:

Ըստ համաձայնագիրի, Իրան պարտաւորուած է չստեղծել հիւլէական զէնք եւ հիւլէական արտադրութիւնները օգտագործել բացառապէս խաղաղ նպատակներով:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.