2016-01-16 09:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրուայ պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Հաղորդակցութիւն եւ Ողորմութիւն. Պտղաբեր հանդիպում'' այս է 2016 տարուայ ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային 50-րդ օրուայ առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրատարակած պատգամին բնաբանը որուն ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ուրբաթ` 22 յունուար 2016-ի կէսօրին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ, եւ որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան Կառավարիչ գերապայծառ Տարիօ Էտուարտօ Վիկանօ, TV2000 իտալացի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի հեռուստակայանի տնօրէն` Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինի եւ Սանդ Անսելմօ Քահանայապետական ակադեմիայի դասատու` ՓրոՖ Մարինելլա Փերրոնի։

Պատգամը պիտի հրատարակուի 7 լեզուներով Իտալերէն, Ֆրանսերէն, Գերմաներէն, Սպաներէն, Փորթուկալերէն եւ Լեհերէն։

Նոյն օրը` Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամի հրապարակումի առթիւ եւ Ընկերային հաղորդամիջոցներու ասպարազէն ներս գործիչներու պաշտպան սուրբ` Սուրբ Ֆրանչիսկոս Սալէսի մօտալուտ տօնին առթիւ, Գերապայծառ Քլաուտիօ Մարիա Չելլի, Սանթա Մարիա Ին Թրասփոնթինա Եկեղեցւոյ մէջ կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն լրատուական աշխարհի գործիչները։








All the contents on this site are copyrighted ©.