2016-01-16 11:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապին անակնկալ այցելութիւնը Հռոմի մէկ ծերանոցին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 15 յունուար 2016-ի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, անակնկալ այցելութիւն տուաւ Հռոմի արեւելեան ծայրամասը գտնուող` ''Թորրէ Սփաքքաթա'' շրջանի ծերունիներու վերապահուած ''Պրունօ Պուոցցի'' հանգստեան տան ուր հանդիպում ունեցաւ այնտեղ բնակող 33 տարեցներու հետ ապա անմիջապէս ետքը ուղղուեցաւ հանգստեան տան մօտ գտնուող ''Քազա Իրիտէ'' անուամբ խնամակալութեան տուն` ուր այցելեց այնտեղ խնամուած ծանր վիճակի մէջ գտնուող 6 հիւանդներ ու անոնց ընտանեկան պարագաները։ 

Նորին Սրբութեան այս այցելութեան ընկերացաւ` գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլա` Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, որուն յանձնուած է Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ կազմակերպութիւնը։

''Այցելութիւնը որ մեծ զարմանք եւ ուրախութիւն պատճառեց վերոնշեալ հաստատութիւններու հիւրերուն, մաս կը կազմէ ''Ողորմութեան Ուրբաթները'' ձեռնարկին, որուն ընթացին` Ողորմութեան սուրբ տարուայ ծիրէն ներս, Քահանայապետը ''ողորմութեան ներգործութիւններ'' կը կատարէ եւ այս այցելութեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ ուզեց յատուկ կերպով շեշտել` ''մնացորդացի մշակոյթի'' դէմ, տարեցներու կարեւորութիւնը ու անոնց արժէքը, ինչպէս նաեւ կեանքի արժէքն ու արժանաւորութիւնը որեւէ կացութեան մէջ որ գտնուի'' կը հաստատէ Սուրբ Աթոռի այս այցելութեան առթիւ հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւնը։ 

Մինչ շրջանի ժողովրդապետ Քարմելիթան միաբանութեան անդամ` Հայր Լուչօ Ծափփաթորէ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց թէ Սրբազան Քահանայապետի այս այցելութիւնը եղաւ նշան` անոր անվերապահ սիրոյն եւ մօտիկութեան ''արուարձաններու'' մէջ ապրող անհատներուն նկատմամբ։ Քահանայապետը, ըսաւ Հայր  Ծափփաթորէ, ուզեց մեցի ցոյց տալ թէ ողորմութեան հոգեւոր եւ մարմնաւոր ներգործութիւնները ապրուելու են շօշափելի կերպով` մուտք գործելով կարիքաւոր անձերու կեանքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.