2016-01-16 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Ճարը''Քրիստոնեայ աշխատաւորներու շարժումին՝՝


(Ռատիօ Վատիկան)  Շաբաթ, 16 յունուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսաց ժողովի նախագահ` Կարդինալ Մարք Ուէլլէն ապա յաջորդաբար ընդունեց Սերպիոյ Օրթոտոքս Պատրիարքութենէն պատուիրակութիւն մը, Վատիկանի Տնտեսական  Քարտուղարութեան կառավարիչ Կարդինալ Ժորժ Փել,  Ռուանտայի մօտ Պապական  Նուիրակ գերապայծառ Լուչիանօ Ռուսսոն, ինչպէս նաեւ Սուտանի եւ Էրիթրէայի մօտ Պապական նուիրակ Գերապայծառ Հուպերթուս Մաթէուս Մարիա վան Մէկէնը։

Ժամը 12.15ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայաետ հանդիպեցաւ Իտալական Քրիստոնեայ աշխատաւորներու շարժումի աւելի քան 7000 անդամներուն։

Այս առթիւ անոնց յղած  ճառին մէջ, մեկնելով շարժումի գլխաւոր կոչումէն որ է աշխատանքը՝  Սրբազան Հայրը վերահաստատեց, թէ աշխատանքը կոչում է,  որովհետեւ ան ծնունդ կ՝առնէ  Աստուծոյ` մարդուն ուղղուած հրաւէրէն. մշակել ու պահպանել հասարակաց տունը։

Սրբազան Հայրը  այս առընչութեամբ ներկաներուն  յանձնարարեց  երեք բառեր`. դաստիարակութիւն, բաժնեկցութիւն եւ վկայութիւն։

Դաստիարակել, ըսաւ Քահանայապետը, կը նշանակէ ''դուրս բերել''։ Այն կարողութիւնն է դրսեւորելու սրտի մէջ գտնուող բաներու լաւագոյնը։ Լոկ կարգ մը թեքնիքներ կամ սահմանումներ ուսուցանել չէ, այլ աւելի մարդկային դարձնել է մեր անձը ու մեզ շրջապատող իրականութիւնը։ Այս մէկը յատկապէս կը հայի աշխատանքին։Հարկ է կազմել աշխատանքի նոր ''մարդկայնապաշտութիւն'' մը , ուր մարդը եւ ոչ թէ շահը ըլլայ  կեդրոնը եւ  ուր՝ տնտեսութիւնը ծառայէ մարդուն եւ ոչ թէ մարդը դառնայ տնտեսութեան նպատակ, հաստատեց Սրբազան Հայրը եւ հրաւիրեց խուսափիլ ''կտրուկ ճանապարհներէն'' ու դիմել միշտ յանձնառումի եւ ազնուութեան, ազատ պահելով սիրտը անօրինական գործերէն, որոնք դէպի կաշառակերութիւն կը տանին։ Դաստիարակել, արհեստ մը սորվեցնելը վեհանձն կոչում մըն է ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ դուք կանչուած էք նոր սերունդներուն փոխանցել մարդկային իսկական աշխատանքի գեղեցկութիւնը։

Խօսելով ապա բաժնեկցութեան մասին Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ ''Աշխատանքը՝ լոկ անհատական  կոչում մը չէ, այլ հնարաւորութիւն կ՝ընծայէ ուրիշներու հետ յարաբերելու։ Աշխատանքը պէտք է միացնէ անձերը իրարու եւ  ոչ թէ մէկը  միւսէն հեռացնէ։ Օրուան ընթացքին երկար ժամերու աշխատանքը, առիթ կու տայ բաժնեկցելու առօրեան, հետաքրքրուելու մեր մօտ գտնուող անձով, եւ որպէս պարգեւ ու պատասխանատուութիւն ընկալել  ուրիշներու ներկայութիւնը։

Երրորդ բառին անդրադառնալով`Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց  Սուրբ Պօղոսի խօսքերուն,  ուր առաքեալը կը թելադրէ հաւատքը վկայել գործունէութեան միջոցաւ, յաղթահարելով ծուլութիւնն ու անտարբերութիւնը,  (2 Թեսաղ 3. 10),  եւ կը յանդիմանէ ըսելով ''Ան որ կը մերժէ աշխատիլ. Թող չ՛ուտէ''։  Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ըսաւ ''այսօր մարդիկ կան որոնք կ՝ուզեն աշխատիլ ՝սակայն հնարաւորութիւնը չունին ու կը  տառապին, որովհետեւ անոնք  հնարաւորութիւն չունին նոյնիսկ ուտելու։  Դուք կը հանդիպիք շատ մը երիտասարդներու­,  որոնք գործէ զուրկ են,  անոնք ժամանակակից աշխարհէն մեկուսացուածներ են,  եւ զրկուած են իրենց արժանապատուութենէն։ Մարդկաին արդարութիւնը կը պահանջէ  աշխատանք՝ բոլորին համար։ Աստուածային ողորմութիւնը եւս մեզ կը հրաւիրէ ` օգնութեան հասնիլ դժուարութեան մէջ ապրող անհատներուն, ''քարոզելը բաւարար չէ -  հարկաւոր է անոնց ներշնչել յոյս անձնապէս ներկայ գտնուելով անոնց մօտ, մխիթարելով եւ շօշափելի գործերով օժանդակութիւն մատուցելով անոնց։

Ճարի աւարտին Ֆրանչիկսոս Պապ քաջալերեց ներկաները  իրենց  անձնական  եւ հասարակական ապրելակերպով վկայելու  անշահախնդրութիւնը, զօրակցութիւնը եւ ծառայողական հոգին։ Քրիստոսի առաքեալը  երբ  թափանցիկ սիրտ ունի է եւ զգայուն է կեանքին մէջ, Տիրոջ լոյս ը կը սփռէ իր աշխատավայրին մէջ ինչպէս նաեւ այնտեղ ուր կ՝ապրի ։ Այս է իմ մաղթանքս ձեզի կ՛օրհնեմ ձեզ ու ձեր ընտանիքները, ձեր յանձնառումը եւ բարեհաճեցէք չմոռնալ աղօթել ինծի համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.