2016-01-16 10:03:00

Հռոմի Հրէա հասարակութեան հակիրճ պատմականը


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 17 յունուար 2016-ի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Պապ` Երրորդ Քահանայապետը ըլլալով, կ՛այցելէ Հռոմի Հրեաներու աւագ տաճարը։

Հռոմի հրեայ հասարակութիւնը Արեւմտեան աշխարհի  ամենահին հասարակութիւնն է իսկ  Իտալիոյ` թիւով ամենամեծ հասարակութիւնը։ Ան ծագում առած է Քրիստոսէ վերջ 70-ական թուականին, Երուսաղեմի տաճարին կործանումի շրջանին։

Միջին դարուն , Պապական իշխանութեան շրջանին,  հրէաներու համար  Հռոմ քաղաքը հանդիսացած է Ռաբունական Ակադեմական ամենէն կարեւոր աթոռը, որուն ընթացքին Հռոմի Հրէա հասարակութիւնը՝գիտական եւ մշակութային գետնի վրայ  ունեցած է փայլուն դէմքեր։ 1492-ին, Սպանիայէն, Փորթուկալէն Սիկիլէիայէն  գաղթած հրէաները բնակչութիւն հաստած են Հռոմ, դառնալով Իտալիոյ մէջ Հրէաներու՝ թիւով ամենամեծ հասարակութիւնը։

1555-ին Պօղոս Դ քահանայապետը հրահանգեց Քահանայապետական Իշխանութեան տակ գտնուող բոլոր հրեաները կալանաւորել ''Հռոմի'' Կեթթոի այսինքն հրեաներու թաղամասին մէջ անոնց արգիլելով դուրս ելլել այդ թաղամասէն եւ շփուիլ քրիստոնեաներուն հետ։ Այս իրավիճակը տեւեց մինչեւ 1870 երբ Հռոմը կը դառնայ Իտալիոյ Թագաւորութեան մայրաքաղաք։

1943-44 Նացիական շրջանի ընթացքին աւելի քան 2 հազար Հռովմէացի Հրեաներ աքսորուեցան թիրախ դառնալով գերմանական տիրապետութեան` հրեաներու դէմ գործադրուած ողջակիզումին։

Հռոմի մէջ Հրէաներու աւագ տաճարը։

Հռոմի հրէաներու աւագ տաճարի բացման արարողութիւնը  կատարուած է 29 յուլիս 1904-ին, որուն կառուցման աշխատանքները տեւած են չորս տարի ։ Քարանկիւնաձեւ  գմբէթ ունեցող Տաճարին ճարտարապետերն  եղած են Օսվալտօ Արմանի եւ Վինչենցօ Քոսթա։  








All the contents on this site are copyrighted ©.