2016-01-16 12:02:00

Կիրակնօրեայ աւետարանական խորհրդածութիւն Առաջաւորի Բարեկենդան ''Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք''.


«Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։ Երեկոյ էր. առաքեալները՝ նաւակի մէջ, ծովակին վրայ ալեկոծութեան բռնուած էին։ Եւ ահա Յիսուս կը մօտենայ անոնց ջուրերուն վրայէն։ Առաքեալները կը կարծեն ուրուական մը տեսնել (Մտթ ԺԴ. 26) եւ զարհուրանքով կը լեցուին։ Յիսուսի ձայնը կը հնչէ ալեհոյզ ծովակին վրայ՝ «քաջալերուեցէ՛ք, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։

Վիշտ ու ցաւ, անորոշութիւն ու առանձնութիւն՝ վախ կը պատճառեն մարդուն։ Մարդ արարածը ունի մտահոգութիւններ եւ վախեր իր անձի նկատմամբ, իր սիրելիներու նկատմամբ։

Մարդ արարածը կը վախնայ անորոշութենէ, ցաւէ, տառապանքէ եւ մահէ։ Ա՛յն ցաւերը, որոնք մեր կեանքին մէջ կը կրենք եւ ա՛յն տառապանքը, որմէ չենք կրնար ազատիլ՝ ծանր կը կշռեն մեր մարմնոյն ու հոգւոյն վրայ։ Ի՞նչ է իմաստը տառապանք «ուրուականին»։ Պատասխանը կը գտնենք միայն հաւատքի մէջ։ Մատթէոս Աւետարանիչ, որ կը պատմէ ծովակի այս դրուագը, կը յիշէ, թէ ինչպէս Պետրոս առաքեալ կը խնդրէ Յիսուսէն՝ ջուրերու վրայէն քալելով Յիսուսի մօտենալ։ Սակայն կը վախնայ փոթորիկէն եւ կʼընկղմի ու կʼաղաղակէ՝ «Տէ՛ր, ազատէ՛ զիս։» Յիսուս ձեռքը կʼերկարէ եւ կʼազատէ զայն յանդիմանելով՝ «թերահաւա՛տ, ինչու՞ կասկածեցար»։ (Մտթ. ԺԴ. 28-31) Կասկածները եւ վախերը մեր կեանքին մէջ մեզ յառաջ չեն տանիր. այլ ընդհակառակը՝ մեզ աւելի կը սուզեն վշտի ալիքներուն մէջ։ Լոկ հաւատք եւ վստահութիւն Աստուծոյ վրայ մեզ դուրս պիտի բերեն մեր հոգին լլկող ալիքներէն։ Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ, մեզի կոչ կʼուղղէ՝ Ի՛ր հետ միասին կրելու խաչը. Ի՛ր հետ միասին, ո՛չ առանձին, ո՛չ լքեալ։ Ա՛ն միայն կրնայ մեր ցաւին իմաստ տալ։ Ապագայի անորոշութիւնը եւ մահը՝ մարդուն անապահովութիւն կու տան. կը վախնանք։ Սակայն Աստուած Ի՛նք կը լիացնէ մեր ապագան. Յիսուս մեզ չի լքեր մահուան խաւարին մէջ, այլ յարութեամբ կը յաղթահարէ, կը խորտակէ մահը – այդ անորոշութեան խաւարը, որմէ մարդկութեան մեծ մասը ահ ու սարսափ ունի։

Մարդուն կեանքին մէջ կը ներկայանայ վախի ուրուականը - ոչ միայն վախ անձի համար, այլ նաեւ վախ ու մտահոգութիւն ընտանիքի համար, սիրելիներու համար եւ այն հասարակութեան համար որուն կը պատկանինք։ Այս վախը կը ծնի ուրիշներու հանդէպ մեր ունեցած պատասխանատուութեան գիտակցութենէն եւ սէրէն։ Վախ ունինք, որ մեզի մօտիկ անհատները վիշտ կռեն։ Ահա կրկին Յիսուսի ձայնն է որ կը հնչէ այդ մտահոգութիւններու խաւարին մէջէն «Արդ, եթէ դուք՝ որ չար էք՝ գիտէք ձեր որդիներուն բարի նուէրներ տալ, որքան առաւել եւս ձեր Հայրը, որ երկնքի մէջ է, բարիքներ պիտի տայ անոնց՝ որ Իրեն կը դիմեն։» (Հմմտ. Մտթ Է. 11) Մեր սիրելիները վստահինք Յիսուսի, զանոնք յանձնենք Աստուծոյ ձեռքերուն. Անոր ողորմութեան եւ հայրական անսահման սիրոյն. Անոր իմաստութեան ու գթութեան։ Ան գիտէ թէ ինչն է հարկաւոր անոնց համար - «քանզի գիտէ հայրն ձեր երկնաւոր՝ թէ պիտոյ է ձեզ այդ ամենայն։» (Մտթ. Զ. 32) Այս աշխարհի վրայ տարածուած չարիքը, անարդարութիւնը եւ բռնութիւնը՝ սպառնածող ուրուականներու նման կը սաւառնին ատելութեան խաւարին մէջ։ Յիսուս այնտեղ է, Ան մեզ կը սրտապնդէ՝ «քաջալերուեցէք. ես յաղթեցի աշխարհի»։ (Յովհ ԺԶ. 33)

Նաեւ եկեղեցւոյ խնդիրներն ու նեղութիւնները՝ հաւատացեալ քրիստոնեան կը լեցնեն մտահոգութեամբ։ Եկեղեցւոյ ներքին տագնապները, հակաքրիստոնէական եւ հակաեկեղեցական ոյժեր կը սպառնան եկեղեցւոյ՝ մութի մէջ երեւան եկող ուրուականներու նման։ Հաւատացեալները, որոնք կը սիրեն եկեղեցին, կը վախնան եւ մտահոգ են եկեղեցիով։ «Մի՛ վախնաք» կը գոչէ Յիսուս. Եկեղեցին Աստուծոյ ժողովուրդն է, Քրիստոսի մարմինն է. «Դժողքի դռները զայն պիտի չյաղթահարեն։» (Մտթ ԺԶ. 18)

Պօղոս Առաքեալ կը խնդրէր Աստուծմէ՝ որ ազատէ զինք մարմնական կաշկանդումէ մը, որ արգելք կը հանդիսանար իր առաքելութեան։ Աստուծոյ պատասխանն էր՝ «իմ շնորհքս քեզի կը բաւէ. որովհետեւ իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը յայտնուի։» (Բ. Կոր ԺԲ. 9)

«Մեզմէ իւրաքանչիւրը ստացած է շնորհքը այն չափով, որ Յիսուս անոր շնորհած է։» (Եփես Դ. 7) Եւ այդ շնորհքը բաւ է մեզի դիմագրաւելու որեւէ վիշտ ու կասկած, ցաւ ու վախ։ Մեր մարդկային տկարութեան մէջ, հիւանդութեան մէջ, հոգեկան ցաւերու մէջ, մտահոգութիւններու մէջ՝ միշտ Անոր զօրութիւնն է, որ կը յայտնուի. միշտ Անոր ձայնն է, որ կը գոչէ՝ «քաջալերուեցէք, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք։»

 








All the contents on this site are copyrighted ©.