2016-01-16 09:49:00

''Դուք մոռցուած չէք'' Ս﹒ Երկրի համակարգումի եպիսկոպոսներու պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) ԱՄՆի Գանատայի ու Հարաւային Ափրիկէի մաս կազմող Ս﹒ Երկրի համակարգումի եպիսկոպոսներու խումբը, Սուրբ Երկիր կատարած իրենց այցելութեան աւարտին պատգամ մը ուղղած են քրիստոնեաներուն անոնց ըսելով﹒ ''Դուք առանձին չէք։ Մենք վճռակամ ենք ձայն տալու ընչազուրկներուն, հիւանդներուն ու հալածուածներուն։ Քրիստոնեաներն ու մահմետականները փոխադարձաբար իրար զիրար կը պաշտպանեն''։

Ս﹒ Երկրի համակարգումի եպիսկոպոսները բացի Երուսաղէմ կատարած իրենց այցելութենէն այցելեցին նաեւ Յորդանանը ուր հանդիպում ունեցան իրաքցի-սուրիացի գաղթականներուն հետ։ Անոնք կոչ ըրին միջազգային հասարակութեան վերջ տալու Միջին Արեւելքի զինեալ ընդհարումին եւ քաջալերական խօսք մը ուղղեցին կղերին շարունակելու իրենց նուիրումը ու իրենց աշխատանքը ի սպաս գաղթականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.