2016-01-16 10:40:00

Գաղթականներու եւ ապաստանեալներու 102-րդ օր։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 17 Յունուար 2016-ին կը նշուի համաշխարհային 102-րդ օրը։ Այս առթիւ,  անցեալ 1 Հոկտեմբեր 2015-ին Սրբազան Քահանայապետը հրատարակեց "Գաղթականներն ու ապաստանեալները  մեզ կը հարցաքննեն,  Ողորմութեան  Աւետարանի  պատասխանը'' բնաբանով պատգամ մը։ Բնաբանը կ՝ընդգծէ երկու տեսակէտեր. Առաջին` մեզի  կը յիշեցնէ անթիւ այր մարդոց ու կիներու ողբերգական կացութիւնը, որոնք ստիպուած են լքել իրենց սեփական հողերը, տուն, ստացուածք ու հեռանալ դէպի անյայտ վայրեր փնտռելով ապահովութիւն եւ ձգտելով նոր եւ ազատ ապագայի, շատ անգամ վտանգի մատնելով նաեւ իրենց կեանքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ  գաղթականներու այս ողբերգութիւնը կը ներկայացնէ ՝ որպէս մեզ հարցաքննող իրականութիւն։ ''Բանանք մեր աչքերը տեսնելու համայն աշխարհի  դժբախտութիւնները, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վէրքերը, որոնք զուրկ  են արժանապատուութիւնէն, եւ մենք մեզի գրգռուած զգանք՝ ունկնդրելու անոնց աղերսը, այնպէս որ այդ աղերսը ըլլայ մերը, եւ կարենանք միասնաբար յաղթահարել անտարբերութեան պատնէշը''։

Պատգամի բնաբանին երկրորդ բաժնին մէջ՝ Ֆրանչիսկոս Պապ կը հրաւիրէ գաղթականութեան երեւոյթի պատասխանը  գտնել  աւետարանի լոյսին տակ կոչ ուղղելով, Ողորմութեան Սուրբ Տարուան ընթացքին, մտածել նիւթական եւ հոգեւոր ողորմութիւններու մասին, որոնց շարքին`   գաղթականներու հիւրընկալութիւնը,  առանց մոռնալու թէ նոյնինքն Քրիստոս ներկայ է մեր եղբայրներուն մէջ ու յատկապէս փոքրիկներուն մէջ եւ մեր կեանքի վերջաւորութեան դատաստանի  պիտի կանչուինք  մեր` սիրոյ տուած պատասխանի համաձայն։ (Մատթ 25, 31-45)

Գաղթականութեան 102-րդ համաշխարհային օրուան առթիւ, Հռոմի մէջ կը սպասուին աւելի քան 5 հազար գաղթականներ որոնք պիտի տօնախմբեն իրենց վերապահուած ''Ողորմութեան'' Յոբելեանը։

Կիրակի 17 Յունուարի կէսօրին, անոնք պիտի մասնակցին ֆրանչիսկոս Պապի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին ապա պիտի անցնին ս﹒ Պետրոս պազիլիքայի ս﹒ դռնէն հուսկ պիտի մասնակցին Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցուած սուրբ պատարագին զոր պիտի նախագահէ կարդինալ Antonio Maria Vegliò, նախագահը գաղթականութեան հովուութեան քահանայապետական խորհուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.