(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 17 Յունուարին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի այցելէ Հռոմի Հրեաներու Աւագ Տաճարը` ''Սինակոկը''։ Այդ այցելութիւնը պիտի հանդիսանայ երրորդ Քահանայապետի մը այցելութիւնը Հռոմի հրեաներու տաճարին։ Առաջին ու պատմական այցելութիւնը տեղի ունեցած է 13 ապրիլ 1986-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի օրով. Ան արդարեւ հանդիսացած է առաջին Քահանայապետը որ այցելութիւն տուած է Հռոմի Հրեաներու Մայր տաճարին, այդ օրուայ Րաբունապետ Էլիօ Թոաֆի հրաւէրով։
Երկրորդ Քահանայապետը որ մուտք գործած է Հրեաներու Հռոմի աւագ տաճար` Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետն է, 17 Յունուար 2010-ին։ Պենետիկտոս ԺԶ Պապը իր Քահանայապետութեան շրջանին այցելած է ապա այլ երկու հրէական տաճարներ` Գերմանիոյ Քոլոնիա քաղաքի տաճարը` 19 օգոստոս 2005-ին, երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ Գերմանիա կատարած առաքելական այցելութեան ընթացքին, եւ Նիւ Եորքի Սինակոկը` 18 ապրիլ 2008-ին Միացեալ Նահանգներ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս։
Իր նախորդին նման Ֆրանչիսկոս Պապ` հրեաներու տաճարը կ՛այցելէ 17 յունուարին, Հրեաներու եւ Կաթողիկէներու միջեւ երկխօսութեան զարգացման ու խորացումի 27-րդ օրուան առթիւ։
Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը, 1986-ին կատարած այցելութեան առթիւ հրեաները որակած էր ''աւագ եղբայրներ'' մինչ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մատնանշած էր ''Հոգեւոր եղբայրութեան ու մօտիկութեան''։
All the contents on this site are copyrighted ©. |