2016-01-15 09:49:00

Միացեալ Նահանգներ կը գնահատեն Հայաստանի յանձնառութիւնը աշխարհին մէջ խաղաղութեան պահպանման նկատմամբ


2016 թուականին անհրաժեշտ է վերջ դնել ձգձգուած հակամարտութիւններուն, յաղթել «Իսլամական պետութիւն» եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներուն, ինչպէս նաեւ վերադառնալ միջուկային զինաթափման:

Այս խնդիրները դրած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունը համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավարի պաշտօնին իր վերջին տարուան ընթացքին։ Այս մասին կը հաղորդէ  Artsakhpress.am-ը՝ վկայակոչելով ТАSS լրատուամիջոցը:

«2016 թուականին մենք պէտք է վերջ դնենք հակամարտութիւններուն, որոնք շարունակուած են համաշխարհային տարաձայնութիւններու պատճառով, շատ աւելին ընել բնակչութեան խոցելի խումբերու համար, ինչպէս նաեւ ցոյց տալ, որ մենք լուրջ տրամադրուած ենք ցնցումները կանխելուն, որոնք մեզ համար կը պատրաստեն վաղուան օրը»,- ըսաթ է գլխաւոր քարտուղարը` ելոյթ ունենալով ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէային դիմաց:

Ան մանրամասն կանգ առած է Սուրիոյ պատերազմին վրայ` մեղադրելով հակամարտող կողմերը մարդու իրաւունքներու խախտումներուն համար, ինչպէս նաեւ քաղաքներու արգելափակումը անուանած է պատերազմական յանցագործութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.