2016-01-15 09:00:00

Լամփետուզա կղզիի մէջ Ողորմութեան Յոբելենական Սուրբ Դրան բացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Իտալիոյ Լամփետուզա կղզիին մէջ Ողորմութեան Յոբելեանի ս﹒ Դրան բացումը տեղի կ՛ունենայ Շաբաթ 16 Յունուար 2016-ին, Գաղթականներու ու փախստականներու 102-րդ համաշխարհային օրուան նախօրեակին, Ակրիճենթօ թեմին առաջնորդ` Կարդինալ Ֆրանչեսքօ Մոնթենեկրոյի  գլխաւորած արարողութեամբ։ Արդարեւ 16 յունուարի յետմիջօրէի ժամը 4-ին, ''Porto Salvo'' Տիրամօր նուիրուած սրբավայրին մէջ,  Կարդինալ Մոնթենեկրօ պիտի գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը որուն կը յաջորդէ Ս﹒ Դրան բացման արարողութիւնը։

Իսկ երկրորդ օրը`  Կիրակի 17 յունուարի առաւօտեան ժամը 9,30-ին  ''Porta d’Europa - Եւրոպայի դուռ'' հրապարակին  վրայ, կարդինալ Մոնթենեկրօ աղօթք մը պիտի արտասանէ եւ խորհրդածութիւն մը պիտի ներկայացնէ գաղթականութեան համաշխարհային օրուան նշանակութեան մասին, որպէս նիւթ ունենալով ''Գաղթականներն ու փախստականները մեզ կը հարցաքննեն﹒ պատասխանը կը գտնենք Ողորմութեան Աւետարանին մէջ''։

Ակրիճենթօ թեմին առաջնորդը, ժամը 11-ին, սուրբ ''Կերլանտօ'' եկեղեցւոյ մէջ  հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցէ, որուն ընթացքին Լամփետուզայի հասարակութեան կը յանձնէ Ֆրանչիսկոս Պապին` անցեալ Սեպտեմբերին Քուպա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Քուպայի նախագահ Ռաուլ Քասթրօ-էն նուէր ստացած խաչելութիւնը։ 

Յայտնենք թէ Խաչելութեան բարձրութիւնը 3 մ﹒40 եւ լայնքը 2 մ﹒75 գործն է Քուպացի արուեստագէտ Alexis Leyva Machado, հանրածանօթ որպէս “Kcho”.








All the contents on this site are copyrighted ©.