2016-01-15 12:18:00

Աստուծոյ Ողորմածութիւնը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի պատմութեան մէջ


Պատշաճ է, որ այս հաղորդաշարի ծիրէն ներս մեր ուշադրութիւնը նուիրենք Հայ ժողովուրդի Լուսաւորիչ՝ Սուրբ Գրիգոր Պարթեւին։
Մեր մատենագրութեան մէջ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի վարդապետութիւնը աւանդուած է Ագաթանգեղոս պատմիչի մօտ, եւ Սուրբին վերագրուած Յաճախապատում ճառերուն մէջ։
Ագաթանգեղոս մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ Հայոց Լուսաւորչին վարդապետութիւնը։ Այնտեղ Սուրբ Գրիգոր բազմիցս կը խօսի Աստուծոյ ողորմութեան մասին։ Վարդապետութեան տողերը լի են Աստուածաշունչի մէջբերումներով, ուր Աստուած Հին Կտակարանի մէջ կը բացայատէ իր ողորմածութիւնը։ Աստուծոյ ողորմութեան ապացոյցը իր մեծագոյն արտայայտութիւնը կը գտնէ Աստուածորդւոյն մարդեղութեան եւ զոհաբերումին մէջ, որուն միջոցաւ Աստուած թողութիւն կը շնորհէ մարդկութեան։
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ լիուլի Աստուծոյ ողորմութեան կը վստահի իր չարչարանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ իր քարոզութեան ժամանակ՝ ուր Աւետարանի վարդապետութիւնը կը փոխանցէ շեշտելով միշտ Աստուծոյ ողորմածութիւնը։
Սուրբի վարքին մէջ կը կարդանք, թէ Տրդատ Թագաւոր կը ստիպէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը որ Անահիտ չաստուածուհիին զոհ մատուցանէ։ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կը պատասխանէ՝ «Ես ամենայն հնազանդութեամբ եւ ամենայն պարզութեամբ եւ երկիւղով կը պաշտեմ արարիչ Աստուածը, ստեղծող Որդին եւ արարածները կազմաւորող Հոգին, որ ամէն ինչ ստեղծեց, եւ կարող է խորտակել եւ ապա դարձեալ նորոգել իր ողորմութեամբ։ Մեր կեանքը յուսահատութեան կեանք չէ, որովհետեւ մենք կենդանի Աստուածը կը պաշտենք, որ կարող է մեզի կեանք տալ՝ երբ ուզէ. եթէ նոյնիսկ  մեռնինք՝ կենդանի կը մնանք։ Ինչպէս որ Աստուծոյ Որդին մահացաւ՝ եւ սակայն կենդանի մնաց՝ իր յարութեամբ մեզի կենդանութեան օրինակ ցոյց տալով. Մենք որ Անոր համար կը մեռնինք՝ վերստին կեանք պիտի ունենանք՝ երբ Արարիչի թագաւորութիւնը յայտնուի իր արարածներուն, երբ ամբարշտութիւններուն համար վրէժ պիտի խնդրէ, առ հասարակ բոլորէն ստուգութիւն պահանջելով՝ անաչառ դատաստանով։” (Ագաթ. Ե.)
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Աստուծոյ կենսատու զօրութեան մէջ կը տեսնէ աստուածային ողորմութեան փաստը։ Ինքնին այն իրականութիւնը՝ որ մենք իբր մարդ արարած կը ծնինք, կեանք եւ շունչ կը ստանանք՝ կը բխի Աստուծոյ ողորմութենէն։ Ողորմութիւնը այստեղ կը հասկնանք իբր անշահախնդիր շնորհք, սիրոյ պարգեւ։
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կը շարունակէ իր խօսքերը ըսելով՝ “Ան ինքն է յարութիւն եւ կեանք, եւ յարուցանող եւ նորոգող բոլոր մարմիններու. Ան մարդոց հոգին կենդանի կը պահէ։ Որովհետեւ Ան ինքնին կենդանութիւն է, եւ կը նորոգէ մարդոց հոգին՝ զգեցանելով զայն նոյն մարմնով. եւ ապա իւրաքանչիւրին պիտի յայտնէ հատուցումը՝ ըստ իւրաքանչիւրի վաստակին։ Որովհետեւ Ան կ’արձակէ կապեալները կռապաշտութեան բնակարանէն, որոնք կաշկանդուած են մեղքի մէջ, եւ կը խզէ անօրէնութեան շղթաները՝ ինչպէս քու պարագայիդ։ Իսկ այդպիսի կապանքներու մէջ, որ դուն կը սպառնաս, Ան սովորաբար Իր ողորմութեան շնորհքը կը յայտնէ եւ կը փրկէ Իրեն յուսացողները։” (Ագաթ. Ե)
Աստուծոյ ողորմութիւնը փրկութիւն է իրեն յուսացողներուն համար։ Աստուծոյ ողորմութիւնը կը յայտնուի զօրութեամբ։
Պէտք չէ սակայն Աստուծոյ ողորմածութիւնը սխալ հասկնալ եւ զայն չարաշահել. որովհետեւ կայ նաեւ դատաստան եւ հատուցում։ Ըստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի իւրաքանչիւր մարդ պիտի ընդունի հատուցում իր արարքներուն համար։ Սակայն անոնք որոնք իրենց յոյսը Աստուծոյ վրայ դրած են պիտի ազատին ստրկութեան կապանքներէն եւ պիտի փրկուին։
Արդ՝ համաձայն Սուրբ Գրիգորի՝ Աստուծոյ ողորմութիւնը կենսատու է եւ խորտակուածը վերակենդանացնող. շնորհք եւ սէր. արդար դատաստան եւ ազատութիւն ու փրկութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.