2016-01-14 12:19:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 14 յունուարի քարոզը՝''Հաւատքը Աստուածային պարգեւ մըն է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 14 յունուար 2015-ին առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած  Սուրբ եւ Անմահ պատարագի Զոհին ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց ` հաւատքի նիւթին վրայ ներշնչուելով օրուան Սուրբ  գրային ընթերցումէն ուր կը խօսուի բորոտ հիւանդի բուժման՝ հրաշքին մասին։

Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով բորոտին զօրաւոր հաւատքին ու համոզումին ըսաւ ՝՝Այդ հիւանդ մարդը իր մէջ ունէր բան մը, որ զինքը մղեց  մօտենալու Յիսուսին եւ անորմէ հայցելու բուժուելու շնորհքը։Այս մէկը հաւատքն է''։ Բորոտը պարտուած անձ մըն էր, որովհետեւ չէր կրնար հասարակ կեանք մը ապրիլ սակայն վստահ էր որ Յիսուս կարողութիւնը ունէր զինք բիւրեղացնելու ու այդ պարտութիւնը յաղթութեան վերածելու  ըսաւ սրբազան հայրը աւելցնելով թէ ՝՝Հաւատքը  միշտ կը յաղթէ։ Հաւատքը յաղթութիւն է։  Ապա մէջբերեց Յիսուսի խօսքերը եթէ հաւատքով խնդրէք պիտի կարենաք նոյնիսկ լեռները փոխադրել տեղէ տեղ։ Յիսուս նաեւ շեշտեց թէ ''ամէն ինչ որ իմ Հօրմէս կը խնդրէք իմ անունովս պիտի տրուի ձեզի'' եւ այս մէկը կարելի է մի միայն հաւատքով դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա հրաւիրեց Հայցել Տիրոջմէն, որ մեր աղօթքը՝ միշտ ունենայ հաւատքի արմատ եւ  բխի Յիսուսի հանդէպ մեր հաւատքէն։

Հաւատքը պարգեւ մըն է, դասագիրքերու վրայ չի դաստիարակուիր։ Շնորհք մըն է որ Տէրը կը պարգեւէ սակայն զայն հայցելու ենք` Տէր Հաւատք տուր ինծի, այնպէս ինչպէս ըրած էր այդ հիւանդ մարդը Յիսուսէն խնդրելով որ զօրացնէր իր հաւատքը։

Խնդրենք Տիրոջմէ շնորհքը՝ հաւատքով աղօթելու, եւ վստահութիւնը ունենալու թէ  ամէն ինչ որ կը խնդրենք Իրմէ պիտի տրուի, հաւատքի մեզի պարգեւած վստահութեամբ։ Այս է մեր յաղթանակը ՝ մեր հաւատքը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.