2016-01-14 11:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապ խումբ մը աղքատներու հնարաւորութիւն ընծայած է Հռոմի մէջ դիտելու կրկէս մը


(Ռատիօ Վատիկան) Առաքելական ողորմնաբաշխութեան գրասենեակը, հինգշաբթի 14 յունուար 2016-ին, հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, որուն մէջ  տեղեկացուց, թէ  աղքատներուն, տնազուրկներուն, գաղթականներուն ու խումբ մը բանտարկեալներուն համար  հնարաւորութիւն ընծայուած է հինգշաբթի, 14 յունուար յետմիջօրէին  մասնակցելու Հռոմի մէջ կայացած ''Rony Roller'' կոչուած կրկէսային հանդէսին­, որուն բացումը պիտի կատարուի Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրուած երգով մը, եւ որուն հեղինակն է Սպանացի անօճախ արուեստագէտ մը՝ որպէս շնորհակալութիւն Սրբազան Հօր  նման ձեռնարկով իր թիկունքն ու մօտիկութեան ցուցաբերած ըլլալուն համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.