2016-01-14 09:55:00

Քարիթասի յանձնառումը Յորդանանի մէջ ապաստանած գաղթականներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Յորդանանի Քարիթասի տնօրէնը` Wael Suleiman,  խաղաղութեան Տիրամօր կեդրոնին մէջ (Holy Land Coordination) ընդունեց Ս﹒ Երկրի համակարգիչ եպիսկոպոսները ու անոնց յայտնեց թէ ''եթէ Եւրոպան կ՛ ուզէ իր դռները փակել գաղթականներուն ու պատերազմէն փախչողներուն դիմաց,  թող փակէ,  սակայն ապա թող մեզի սորվեցնէ եղանակը խաղաղութեան հաստատումին։ Մենք հոս օգնութեան կը հասնինք բազմաթիւ քրիստոնեայ ընտանիքներուն եկած Իրաքէն ու Սուրիայէն''։

ՄԱԿի տուեալներու համաձայն ներկայիս Յորդանանը կը հիւրընկալէ 1 միլիոն 400 հազար սուրիացիներ եւ 130 հազար իրաքցիներ̦ առանց հաշուելու այն բազմութիւնները որոնք օրինաւոր կերպով չեն արձանագրուած։

Քարիթասը ու տեղական եկեղեցին օգնութեան կը հասնին շուրջ 600 Սուրիացի քրիստոնեաներու և 8500 Իրաքցի քրիստոնեաներու, անոնց երաշխաւորելով դաստիարակութիւն ու առողջապահութիւն։ Անոնցմէ շատերը գործ կը փնտռեն աւելի պատուաւոր կերպով ապրելու։

Wael Suleiman յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալական եկեղեցւոյ բերած սատարին համար։ Յորդանան գաղթող քրիստոնեաներուն, աշխատանք տուն, դպրոց բառամթերքի մէջ կը պակսի մէկ բառ մը` '' ապագայ'' բառը։ Յորդանանի Քարիթասի տնօրէնը ցաւ ի սրտի յայտնեց որ քրիստոնեայ գաղթողներէն և ոչ մէկը կը խորհի Սուրիա կամ Իրաք վերադառնալ։ Անոնց համար ապագան դիտել կը նշանակէ ԱՄՆ̦, Գանատա, Աւստրալիա...հաստատուիլ։ Քիչերը կը խորհին Եւրոպա երթալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.