2016-01-14 09:32:00

H1N1 վարակէն մահացած է 11 հոգի


Յունուար 14-ի ժամը 10.00-ի տուեալներով` սուր շնչառական վարակներով հիւանդներուն թիւնը 948 է, որոնցմէ 796-ը` 0-18 տարեկան: Թոքաբորբով հիւանդանոց տեղափոխուածները 422-ն են, որոնցմէ 199-ը` 0-18 տարեկան: Սուր շնչառական վարակներով եւ թոքաբորբերով հիւնադանոց տեղափոխուած է 144 յղի: Վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ կը բուժուի 92 հիւանդ:

Առողջապահութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ երէկ «էրեբունի» բժշկական կեդրոնին մէջ մահացած է 1954-ին ծնունդ կին մը, որ կը տառապէր սրտի իշեմիկ հիւանդութեամբ, ունէր շաքարախտ: Կնոջ մօտ հաստատուած էր կրիփի Ա տեսակի H1N1 ենթատեսակը:

Նախարարութեան տուեալներով, որ H1N1 վարակէն մահացած է 11 հիւադ, որոնցմէ 3-ը` 2015 թուականին:

Միաժամանակ, ՀՀ առողջապահութեան նախարարի հրամանով հիւանդանոցային բժշկական օգնութիւն եւ սպասարկում պահանջող, կրիփի վարակի հետեւանքով յառաջացած բարդութիւններու կապակցութեամբ հիւանդանոց տեղափոխուած Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան բոլոր ընկերային եւ տարիքային խումբերուն պատկանող անձերուն համար բուժման փոխհատուցումը կ՛իրականացուի պետութեան կողմէ երաշխաւորուած անվճար բժշկական օգնութեան եւ սպասարկման ծիրէն ներս:








All the contents on this site are copyrighted ©.