2016-01-13 11:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 2016-ի առաջին ընդհանուր ունկնդրութիւնը ''Աստուծոյ անունը ողորմած է''։


 ''Ամպով իջաւ Տէրը, մինչ անոր դիմաց կեցած էր ան, ու ձայնեց՝ Տիրոջ անունով: 6.  Երբ  անոր  առջեւէն  անցաւ  Տէրը,  գոչել  սկսաւ  (Մովսէս).  Տէր,  Աստուած,  գթած  եւ  ողորմած,  երկայնամիտ  եւ  բազումողորմ,  ճշմարտութիւնը ինքնին, 7.  որ կը պահէ արդարութիւնը, եւ ողորմութիւն կը գործադրէ հազարաւոր սերունդներու հանդէպ. որ կը վերցնէ անօրէնութիւններն ու անիրաւութիւնները եւ մեղքերը.'' (Ելք 34, 5-7ա)

 

(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 13 յունուար 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ընթացիկ տարուան առաջին հրապարակային ունկնդրութիւնը շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ եւ այս առթիւ արտասանած իր ճառին մէջ խօսքը կեդրոնացուց ''ողորմութեան'' վրայ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, այսօր սկիզբ կու տանք նոր խորհրդածութիւններու շարքի մը հայող` ողորմութեան, ըստ Սուրբ Գիրքի տեսութեան, սորվելու համար ողորմածութիւնը ունկնդրելով, այն ինչ որ Աստուած մեզի կ՛ուսուցանէ իր Խօսքով։

Սկսինք Հին կտակարանէն որ մեզ կը պատրաստէ եւ կ՛առաջնորդէ Յիսուս Քրիստոսի լիակատար Յայտնութեան, որուն մէջ իրականացաւ եւ յայտնուեցաւ Հօր Ողորմութիւնը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հաստատելով թէ Սուրբ Գիրքին մէջ Տէրը կը ներկայացուի որպէս ''Բազումողորմ Աստուած''։ Այս է Անոր անունը, որուն ընդմէջէն Ան մեզի կը յայտնէ իր դիմագիծն ու իր սիրտը։

''Տէր,  Աստուած,  գթած  եւ  ողորմած,  երկայնամիտ  եւ  բազումողորմ,  ճշմարտութիւնը ինքնին'' գրուած է Ելքի գիրքին մէջ, նշեց ապա Սրբազան Հայրը, եւ մէկիկ մէկիկ մեկնաբանեց այդ նախադասութեան բառերը սկսեալ ''ողորմած'' բառէն։

Տէրը ողորմած է. այս բառը կը յատկանշէ մօր մը քնքշութիւնը իր զաւկին հանդէպ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ Աստուած նոյնը կ՛ընէ մեր հետ եւ Մօր նման կը սիրտէ, կը պաշտպանէ, կ՛օգնէ եւ պատրաստ է նոյնիսկ իր անձը նուիրելու։

Ապա գթած բառին անդրադառնալով Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց թէ Տէրը իր վեհութեան մէջ կը գթայ մեր վրայ ու կը յենու տկարին ու աղքատին, միշտ պատրաստ ընկալելու, հասկնալու եւ ներելու` նման Ղուկասի աւետարանին մէջ պարունակուած առակին (Ղուկ 15, 11-32), ուր Հայրը միշտ սպասումի մէջ է ու երբ կրցեր որդին (անառակը) վերադարձ կը կատարէ տուն, զինք գրկաբաց կ՛ընդունի եւ կ՛ուրախանայ, ապա իր անդրանիկ զաւակն ալ, որ դժգոհ էր,  կը հրաւիրէ եղբօր ի պատիւ սարքուած խնջոյքին մասնակցելու, ջանալով բանալ անոր սիրտը` սիրոյ, որպէսզի եւ ոչ մէկը դուրս մնայ ողորմածութեան տօնախմբութենէն։

Այս ողորմած Աստուծոյ մասին ըսուած է նաեւ որ երկայնամիտ եւ բազումողորմ է։ Աստուած գիտէ սպասել, Անոր ժամանակը չի համապատասխաներ մարդոց անհամբեր ժամանակին։ Ան կը նմանի սերմանողին որ գիտէ սպասել որ սերմը աճի հակառակ որոմին (Մատթ 13, 24-30)։

Տէրը ապա ինքզինք կը հռչակէ` վեհանձն սիրոյ ու հաւատարմութեան մէջ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հաստատելով թէ այս սահմանումին մէջ ամէն ինչ բացայայտ է։ Աստուած հզօր ու մեծ է, սակայն Անոր մեծութիւնն ու հզօրութիւնը կը ծառայեն մեզ սիրելու համար։ Սէրը կախում չունի մարդկային արժանիքներէն այլ անսահման ձրիութիւն մըն է եւ Աստուածային սիրոյ դիմաց ոչ իսկ մեղքը կարող է դիմանալ, որովհետեւ այդ սէրը կը յաղթահարէ չարը ու գիտէ ներել։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց հաւատարիմ բառին։ Աստուած  հաւատարիմ է իր խոստումին։ Միշտ մեր վրայ կը հսկէ ու մեզ կ՛ուզէ դէպի կեանք առաջնորդել։ Աստուծոյ կայուն ներկայութիւնը մեր հաւատքի որոշակի փաստն է ըսաւ ապա Քահանայապետ ու հրաւիրեց այս Ողորմութեան Յոբելեանի ընթացքին Տիրոջ յանձնուելու ամբողջութեամբ ու փորձարկելու սիրուած ըլլալու ուրախութիւնը, այն Աստուծմէ որ է ողորմած ու գթած, երկայնամիտ  եւ  բազումողորմ,  ճշմարտութիւնը ինքնին ու վեհանձն սիրոյ եւ հաւատարմութեան մէջ։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ զանազան լեզուներով  ողջունեց Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ համախմբուած հաւատացեալները ապա յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն այս Սուրբ տարուայ ընթացքին ընկալելու եւ բաժնեկցելու Հօր Աստուծոյ քնքշութիւնը ու դառնալու այդ ողորմութեան վկաները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.