2016-01-13 11:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապի կոչը Պոլսոյ մէջ ահաբեկչական գործողութեան ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան) Պոլսոյ մէջ անձնասպանական գործողութեան ի լուր, Ֆրանչիսկոս Պապ` Չորեքշաբթի, 13 յունուարի առաւօտեան, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին կոչ մը ուղղեց որուն մէջ հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու ահաբեկչական գործողութեան զոհերուն համար, Ողորմած Տիրոջմէ հայցելով յաւիտենական խաղաղութիւն մեռեալներուն,  ընտանիքներուն՝ անդորրութիւն եւ  կայուն զօրակցութիւն համայն ընկերութեան,  ինչպէս նաեւ  բռնատէրերուն սրտի ապաշխարութիւն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.