2016-01-13 09:48:00

Պելճիքայի դեսպանն ու Զուիցերիոյ դեսպանատան քարտուղարը այցելեցին Մեսրոպեան Վարժարան


Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի արձակուրդներէն վերադարձի առաջին օրը՝ Երկուշաբթի, 11 Յունուար 2016-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը հիւրընկալեց Լիբանանի մօտ Պելճիքայի թագաւորութեան դեսպան պրն. Ալեքս Լենարթս, Լիբանանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպանատան Ա. խորհրդական պրն. Չասփըր Սարոթը եւ Պօղոսեան Հիմնարկութեան համանախագահներ պարոնայք Ժան եւ Ալպեռ Պօղոսեանները, ընկերակցութեամբ Հիմնարկութիւնը ներկայացնող բազմանդամ պատուիրակութեան մը: Հիւրընկալութեան մասնակցեցան Հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Գերյարգելի Հ. Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան եւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ Գերապատիւ Հ. Ղազար վրդ. Պետրոսեան:

Վարժարանի մուտքին աւանդական աղ ու հացով դիմաւորումէն ետք, մօտ երեք ժամ տեւած այցելութեան ընթացքին, Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ բարձրաստիճան դիւանագէտներուն ներկայացուց զոյգ վարժարաններուն պատմութիւնն ու ներկան եւ անոնց հետ քննարկեց Մեսրոպեանի ենթակառուցուածքի եւ կրթական ծրագիրներու զարգացման մէջ Պելճիքայի եւ Զուիցերիոյ կառավարութիւններուն հետ գործակցութեան հեռանկարները:

Զոյգ երկիրներու ներկայացուցիչները երկար շրջայց կատարեցին Մեսրոպեանի տարբեր բաժանմունքներ եւ մեծագոյն գնահատանք արտայայտեցին վարժարանին մէջ կատարուած ու կատարուող կրթական ու դաստիարակչական աշխատանքին վերաբերեալ: Վարժարանի այցելուներու մատեանի մէջ կատարած իր գրառումին մէջ, Պելճիքայի դեսպան պրն. Լենարթս դիտել տուաւ, որ ինք պիտի երազէր, որ Մեսրոպեանի պէս դպրոցներ ըլլային Եւրոպայի մէջ. նման ցանկութեան որպէս հիմք, ան նշեց դպրոցին մէջ միաժամանակ տիրող կարգապահութիւնն ու աշակերտներուն ուրախութիւնն ու ուսման հանդէպ հետաքրքրուածութիւնը, զորս ան համարեց արդիւնք՝ տարուող մանկավարժական աշխատանքի: Զուիցերիոյ դեսպանատան Ա. խորհրդական պրն. Սարոթ իր հերթին շնորհաւորեց մօտ 1200 աշակերտ ընդգրկող Մեսրոպեան վարժարաններու կրթական գործունէութիւնը, դիտել տալով, որ այդ մանուկներն ու պատանիները կը հանդիսանան Լիբանանի ապագան եւ ոչ միայն այս երկրի զարգացման, այլ նաեւ ամբողջ մարդկութեան եւ աշխարհի բարօրութեան յոյսը: Միւս կողմէ, Ալպեռ եւ Ժան Պօղոսեան եղբայրները վերահաստատեցին իրենց գլխաւորած հիմնարկութեան պատրաստակամութիւնը՝ անհրաժեշտ բոլոր միջոցներով օժանդակելու Մեսրոպեանի զարգացման ծրագիրներուն:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի








All the contents on this site are copyrighted ©.