2016-01-13 09:26:00

Ժընեւի մէջ Սուրիոյ շուրջ Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-ՄԱԿ հանդիպում


ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի ժընեւեան կեդրոնատեղիէն հաստատած են, որ 13 յունուարին Ժընեւի մէջ կը նախատեսուի Սուրիոյ շուրջ հանդիպում` ՄԱԿ-ի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեամբ:

ՄԱԿ-ի բանբեր Ահմետ Ֆաուզի լրագրողներուն յայտնած է, որ ինք տեղեկութիւն ունի, որ «եռակողմ հանդիպումը Ժընեւի մէջ տեղի պիտի ունենայ 13 յունուարին` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ ՄԱԿ-ի մասնակցութեամբ»:

Նոյն ատեն, ըստ անոր, առայժմ տեղեկութիւններ չկան ներկայացուցչութեան մակարդակին վերաբերեալ: «Թէ ի՛նչ մակարդակով տեղի պիտի ունենայ հանդիպումը, հետագայ հաստատման կարիք ունի: Մենք լսած ենք, որ անիկա կրնայ ըլլալ նախարարական մակարդակ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի մասնակցութեամբ: Մենք ատիկա չենք գիտեր: Ո՞ւր տեղի պիտի ունենայ հանդիպումը` ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէ՞ջ, թէ՞ այլ տեղ, մենք նոյնպէս չենք գիտեր: Մակարդակը չէ յայտարարուած եւ վայրն ալ չէ յայտարարուած», ըսած է Ֆաուզի:








All the contents on this site are copyrighted ©.