2016-01-12 09:30:00

Ողորմութեան Յոբելեանին 5 հազար գաղթական կը սպասուին։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 17 Յունուար 2016ին, գաղթականութեան 102-րդ համաշխարհային օրուան առթիւ, Հռոմի մէջ կը սպասուին աւելի քան 5 հազար գաղթականներ որոնք պիտի տօնախմբեն իրենց վերապահուած ''Ողորմութեան'' Յոբելեանը։

Այդ օր` կէսօրին, անոնք պիտի մասնակցին ֆրանչիսկոս Պապի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին ապա պիտի անցնին ս﹒ Պետրոս պազիլիքայի ս﹒ դռնէն հուսկ պիտի մասնակցին Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցուած սուրբ պատարագին զոր պիտի նախագահէ կարդինալ Antonio Maria Vegliò, նախագահը գաղթականութեան հովուութեան քահանայապետական խորհուրդին։

Յայտնենք որ ֆրանչիսկոս Պապը ս﹒ Պետրոսի Աթոռ բարձրանալէն սկսեալ միշտ դատը պաշտպանած է գաղթականներուն։ Անոր Վատիկանէն դուրս կատարած առաջին ճամբորդութիւնը եղաւ այցելեց Սիկիլիոյ Լամփետուզա կղզին` Յուլիս 2013-ին, աշխարհի ուշադրութեան յանձնելու համար գաղթականներու ապրած ողբերգութիւնը եւ դատապարտելու անտարբերութեան համաշխարհայնացումը յաչս գաղթականներու այս  ողբերգութեան։

2016ի խաղաղութեան համաշխարհին 49-րդ օրուայ իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց բարի կամք ունեցող բոլոր մարդիկը պայքարելու անտարբերութեան դէմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.