2016-01-12 09:39:00

Մարդասիրական օժանդակութեանց կարաւանները մուտք գործեցին Մատայա, Քաֆարիա եւ Ֆուաա


Մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող ՄԱԿ-ի կարաւանները մուտք գործեցին պաշարուած Մատայա, Քաֆարիա եւ Ֆուաա գիւղերը:

Մարդասիրական օժանդակութիւններ փոխադրող կարաւան մը Դամասկոսէն ճամբայ ելաւ դէպի Դամասկոսի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող եւ կառավարական ուժերուն կողմէ շրջափակուած Մատայա գիւղը, նոյն ժամանակ ՄԱԿ-ի այլ կարաւան մը ճամբայ ելաւ Սաքլապիյայէն` հասնելու համար համար Իտլիպի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող եւ զինեալ խմբաւորումներու կողմէ պաշարուած Քաֆարիա եւ Ֆուաա:

Այսպիսով ընթացքի մէջ մտաւ գործադրութիւնը այն համաձայնութեան, որուն ծիրին մէջ հանգրուանային ձեւով քառասուն բեռնակառքեր մուտք պիտի գործեն վերոնշեալ գիւղեր: Բեռնակառքերը երկար ժամանակէ ի վեր պաշարուած գիւղերուն պիտի հասցնեն սննդեղէն եւ դեղորայք:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.