2016-01-12 09:52:00

Գամիշլիի մէջ զոհուած է քրիստոնեայ երիտասարդ մը եւ ուրիշ մը վիրաւորուած


Երէկ գիշեր Գամիշլիի մէջ տեղի ունեցած բախումները խախտեցին  հայաբնակ թաղամասերու անդորրը։ Գամիշլիի մէջ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի աղբիւրին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանը գտնուող Գամիշլի քաղաքի հայաբնակ թաղամասերը, ուր կը գտնուի նաեւ Ազգային Եփրատ Վարժարանը, թիրախ դարձան քրտական Ասայիշ խմբաւորման եւ իշխանութեան հովանիին տակ գործող քրիստոնէական Սոթորօ կամաւորական ջոկատին միջեւ սկսած բախումներուն, որոնք հետեւանք էին Ասայիշի դիմաց Սոթորոյի կառուցած պատնէշին։ Ըստ աղբիւրին՝ բախումներուն հետեւանքով զոհուած է քրիստոնեայ երիտասարդ մը եւ ուրիշ մը վիրաւորուած։ Ամբողջ գիշերը տեւած բախումները արդէն դադրած են ու քաղաքը մտած է իր բնականոն հունին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.