2016-01-12 10:46:00

3 Տարի առաջ առեւանգուած Հայ Կաթողիկէ վարդապետին Ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անյայտ


«Առեւանգուած   վարդապետին մասին  ոչ մէկ նոր տեղեկութիւն կայ»,-  «Արեւելք»ին յայտնեց     Բերիոյ Թեմի  Հայ Կաթողիկէ առաջնորդ Տ. Պետրոս Արք Միրիաթեան:  Գերապայծառը այս  առումով ըսաւ. «Հայր Միքայէլ վարդապետ Քայյալին   խնդրով տարբեր առիթներով բարձրաստիճան  մարմիններու հետ կապ հաստատեցինք, բայց եւ այնպէս չյաջողեցանք    տեղեկութիւններ քաղել  առեւագուած   հայր սուրբին մասին»: Գերապայծառը նաեւ նշեց, որ ներկայիս  Սուրիոյ մէջ      բաւական  բարդ իրավիճակ կը տիրէ  բոլոր առումներով, նշելով, որ  «ընդհանուր  տագնապալի դրութեան հետեւանքով   անկարող  ենք  որեւէ յաջողութեան հասնիլ՝   վարդապետին մասին    ստոյգ տեղեկութիւններ քաղելու   առնչութեամբ:» Գերապայծառ Միրիաթեան նաեւ յիշեցուց որ Քայյալ Վարդապետէն բացի   եւ Ապրիլ 2013-էն  ի վեր առեւանգուած կը մնան  Պուլոս Եազըճի  եւ Եոհաննա Իպրահիմ   եպիսկոպոսները: Նշենք, որ Քայյալ Վարդապետ  Յոյն Ուղղափառ համայնքի    վարդապետ Մահէր Մահֆուզի  հետ     առեւանգուած էր   Փետրուար  2013 -ին՝ Հալէպ-Դամասկոս ճանապարհին վրայ:  Այլ առումով  Գերապայծառը, որ գոհունակութիւն յայտնեց  տօնական  օրերը   Հալէպի մէջ  համեմատական  խաղաղութեան մէջ անցընելու առնչութեամբ,  խոր մտահոգութիւն արտայայտեց, որ Հալէպի հայկական գաղութը օր ըստ օրէ կը նօսրանայ եւ մեծ թիւով  հայորդիներ  ծանր պայմաններուն հետեւանքով  կը հեռանան   Հալէպէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.