2016-01-11 11:30:00

Ֆրանչիսկս Պապին ճառը Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 11 յունուար 2016-ի, առաւօտեան 10,30ին, Ֆրանչիսկս Սրբազան Քահանայապետը  ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն, Սուրբ Ծննդեան ու Ամանորի բարեմաղթանքներու փոխանակումի առիթով։ 
Նշենք որ Սուրբ Աթոռը դիւանագիտական կապեր հաստատած է աշխարհի 180 երկիրներուն հետ, որոնց շարքին է նաեւ Հայաստանը։

Այս առթիւ ներկաներուն արտասանած իր երկարաշունչ ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նախ ներկայացուց Ամանորի ու Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթութիւնները ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Դիւանագիտական Մարմնի Երէց` Անկոլայի դեսպանին, յանուն միւս դեսպաններու իրեն ուղղած խօսքերուն, հուսկ հրաւիրեց ներկաները միասնաբար խորհրդածելու ''Աստուծմէ սիրուած եւ օրհնուած'' աշխարհի իրավիճակի մասին, որ բազմաթիւ չարիքներէ կը տառապի։

Սրբազան Քահանայապետը նախ ակնարկեց դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարեւորութեան ու այս ուղղութեամբ  Վատիկանի մօտ ''մնայուն'' դեսպանութիւններու թիւի աճումին որ է` ըսաւ Ան ''նշան թէ ինչպէս միջազգային հասարակութիւնը մօտէն եւ ուշադրութեամբ կը հետեւի ''Վատիկանեան դիւանագիտութեան գործընթացին''. Այս իրողութեան առընթեր Սրբազան Հայրը նշեց Սուրբ Աթոռի եւ մի քանի երկիրներու միջեւ ստորագրուած նոր համաձայնութիւնները  որոնց շարքին է նաեւ Պաղեստինի Պետութեան ճանաչումը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հաստատեց թէ`  ''ամէն մէկ վաւերական օրէն ապրուած կրօնական փորձառութիւն կարող է  սատարել միայն խաղաղութեան­, եւ այս մէկը կը յայտնուի Սուրբ Ծնունդի տօնին ընթացքին ''խաղաղութեան իշխանի'' մարդեղութեամբ որ մեզի ցոյց կու տայ Աստուծոյ իսկական դիմագիծը­, որուն համար հզօրութիւն չի նշանակեր կործանում այլ սէր, արդարութիւն չի նշանակեր ոխ այլ ողորմութիւն, ու ''ասոր համար է որ ուզեցի Ողորմութեան Յոբելենական արտակարգ Սուրբ Տարին հռչակել'' ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով յոբելենական տարւոյն Կեդրոնական Ափրիկէի մայրաքաղաք` Պանկիի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կատարած  դռնբացէքի առաջին արարողութեան, որպէս նշան քաջալերանքի եւ ընդգծում երկխօսութեան կարեւորութեան ինչպէս նաեւ յորդոր ` հրաժարելու Աստուծոյ անունը` չարաչար գործածելէն ի սպաս  անարդարութիւններու կիրարկումին։ 

Սրբազան Քահանայապետը մէջբերելով կեդրոնական Ափրիկէի մէջ արտասանած խօսքերը շեշտեց թէ ''միայն շեղած կրօն մը կրնայ մտածել թէ կարելի է Ամենակալին անունով անպաշտպան մարդիկ սպաննել, ինչպէս պատահեցաւ Ափրիկէի, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ''։ 

Ողորմութիւնը, եղաւ անցեալ տարուայ իմ առաքելական ճամբորդութիւններուս առանցքը ըսաւ ապա Քահանայապետը ու նշեց 2015 տարուայ առաքելական ճամբորդութիւնները մատնանշելով ամէն մէկ ճամբորդութեան յատկանշական իրողութեան, սկսեալ Պոսնիա- Էրզիկովինայէն  որ է մշակոյթներու եւ կրօններու խաչմերուկ, ուր կ՛արժէքաւորուին միացնող յատկութիւնները ու ջանք կը թափուի նոր կամուրջներ կառուցելու։ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց Պոլիվիա­, Էքուատոր եւ Փարակուէյ կատարած առաքելական ճամբորդութեան,  ապա Քուպա եւ Միացեալ Նահանգներ այցելութեան եւ Ֆիլատելֆիայի մէջ նախագահած ''Ընտանիքներուն համաշխարհային հաւաքին'', ուր, ըսաւ Սրբազան Պապը, ուշադրութեան յանձնեցի Ընտանիքի կառոյցի կարեւորութիւնը` որ է ողորմութեան առաջին դպրոցը, ուր մարդկութիւնը կ՛աճի ու կը զարգանայ։  Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը  ակնարկեց ընտանիքին եւ ամուսնութեան սպառնացող իրադարձութիւններուն։

 

Սիրելի դեսպաններ, ըսաւ ապա Քահանայապետը, եսասէր հոգի մը բերրի հող մըն է անտարբերութեան զարգացումին  որ կը մղէ` մերձաւորը նկատել որպէս առարկայ ու հարց տուաւ եթէ այս է վերաբերմունքը որ շատ անգամ կ՛ունենանք աղքատներուն, մեկուսացեալներուն ու ընկերութեան յետիններուն նկատմամբ, որոնց շարքին են նաեւ գաղթականները, հուսկ հրաւիրեց խորհրդածել գաղթականութեան երեւոյթի մասին որուն` 2015 տարուայ ընթացքին, ականատես եղան Եւրոպան, Ասիական ցամաքամասի երկիրներ ինչպէս նաեւ Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Ամերիկան։

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնելով Յեսու մարգարէի մէկ խօսքէն '' Ահա (կրկին) կը պատուիրեմ քեզի, զօրաւոր կեցիր, քաջ եղիր, մի՛ երկմտիր, մի՛ վախնար, որովհետեւ ամէն տեղ, ո՛ւր ալ  երթալու  ըլլաս քեզի հետ է քու Տէր Աստուածդ'' հաստատեց թէ այս մէկը Աստուծոյ խոստումն է Յեսուին որուն մէջ Տէրը կը հաստատէ թէ Ինք միշտ մօտիկ է ամէն մէկ անհատի ու յատկապէս անոնց որոնք դժուարութեան մէջ կը գտնուին:

Քահանայապետը  ընդգծեց թէ մարդկութիւնը միշտ ուղեւորութեան մէջ եղած է ու անոր պատմութիւնը ճանապարհորդութիւն մըն է։ Ան ապա մէջբերեց Մատթէոս աւետարանիչի մէկ խօսքը ''Հռաքէլ կ՛ողբայ իր որդիները եւ չ՛ուզեր մխիթարուիլ որովհետեւ անոնք ալ չկան''։ Այս ողբը պատերազմներէ, հալածանքներէ եւ ահաւոր բռնութիւններէն փախչող հազարաւոր անհատներու ձայնն է, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը­, ու ձայնն է անոնց որոնք կը բախչին յետին աղքատութենէն եւ կլիմայական փոփոխութիւններէն յառաջացած աղէտներէն.... ու հարց տուաւ թէ ''ինչպէս կարելի է անտեսել թէ  ''մնացորդացի մշակոյթը'' վտանգի կ՛ենթարկէ մարդ անհատը, սպառողութեան զոհ դարձնելով բազմաթիւ այրեր ու կիներ։ Անհատները այլեւս չեն նկատուիր որպէս առաջնակարգ արժէք որ պէտք է յարգուի ու պահպանուի։ ''Մենք դարձանք անզգայ` մսխումի երեւոյթին դիմաց, սկսեալ  սննդառութեան մսխումէն'' նկատել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը  իղձ յայտնելով որ Մարդկայնական համաշխարհային առաջին վեհաժողովը որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Մայիսին ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան տակ, կարենայ մարդ անհատը ու անոր արժանաւորութիւնը դասել որպէս կեդրոն մարդկայնական ամէն մէկ հարցի, շեշտելով թէ ''այս առընչութեամբ հարկաւոր է ունենալ միասնական յանձնառում, արմատական կերպով փոխակերպելու մսխումի մշակոյթը ու մարդկային կեանքի նկատմամբ վիրաւորանքը այնպէս որ ոչ մէկը ինքզինք զգայ արհամարհուած կամ մոռցուած''։

Սրբազան Քահանայապետը իր ճառին մէջ շեշտը դրաւ գաղթականութեան առընչութեամբ գործադրուած ''քաղաքականութեան'' եւ գաղթականներու չարաշահումի հարցին վրայ ու կոչ ուղղեց կասեցնելու մարդավաճառութիւնը ու անհատներու չարաշահումը, մտաբերելով ծովուն մէջ խեղդամահ եղած գաղթական բազմաթիւ մանուկներու պատկերները որոնք թիրախ դարձան մարդոց անսկզբունքայնութեան ու պատկերն անոնց որոնք գաղթականութեան փորձառութեան վէրքերը կը կրեն իրենց մորթին վրայ ու հոգիներուն մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը  ակնարկեց ապա Տիրոջ Հրեշտակի խօսքին որ Յովսէփին ըսաւ ''ոտքի ել առ մանուկն ու անոր մայրը եւ փախիր Եգիպտոս. Մնացիր այնտեղ մինչեւ նոր հրահանգ''։ Այս մէկը ձայնն է զոր կ՛ունկնդրեն շատ մը գաղթականներ, որոնք ստիպուած են թողուլ իրենց երկիրները ըսաւ Սրբազան Հայրը դիտել տալով թէ ''Ասոնց շարքին են բազմաթիւ քրիստոնեաներ, որոնք միշտ աւելի զանգուածաբար կը հեռանան իրենց քաղաքներէն եւ իրենց հողերէն, ուր  բնակութիւն հաստատած էին քրիստոնէութեան ծագումէն ի վեր։ ''Ասոնցմէ շատերը պատրաստ են յօժարակամ  վերադառնալ իրենց քաղաքները եթէ ապահովութեան պայմանները ներեն'' հաստատեց Քահանայապետը ու մտածումը ուղղեց ''Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն որոնք որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ կ՛ուզեն սատարել իրենց երկիրներու հոգեւոր եւ նիւթական բարգաւաճումին''։

Ֆրանչիսկոս Պապ   անդրադարձաւ ապա գաղթականութեան երեւոյթի դրդապատճառներուն ու այդ դրդապատճառներու կանխիկ լուծումներ որոնելու հարկաւորութեան ու այդ ուղղութեամբ ծրագիրներուն մշակելու եւ ներդրումներ կատարելու հրամայականին, սատարելով գաղթականներու երկիրներու զարգացումին։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Մեքսիքոյի եւ Միացեալ նահանգներու սահմանին, որ յառաջիկայ ամիս պիտի այցելէ։ Ան ապա դիտել տուաւ թէ ''գաղթականութեան հոսքը'' վտանգի կը մատնէ Եւրոպայի ''մարդկայնութեան հոգին'' ու հրաւիրեց երբեք չկորսնցնել  մարդկայնութեան ու մարդու արժանապատուութեան յարգանքի, ինչպէս նաեւ զօրակցութեան արժէքները։

Քահանայապետը ապա շնորհակալութիւն ուզեց յայտնել բոլոր անոնց որոնք կը սատարեն անհատներուն ապահովեցնելու  արժանավայել հիւրընկալութիւն մը ու նշեց շարք մը կազմակերպութիւններու ու երկիներու անունները որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն իրենց դռները բացին գաղթականներուն առջեւ անոնց ցուցաբերելով զօրակցութիւն։

Նորին Սրբութիւնը  մատնանշեց այն հարկաւորութեան որ վերոնշեալ երկիրները միայնակ չլքուին ու ընդգծեց գաղթականութեան երեւոյթէն յառաջ եկած դժուարութիւնները, ըլլայ մշակութային գետնի վրայ, ըլլայ կրօնական եւ ընկերային գետնի վրայ, որ շատ անգամ վախ եւ նախապաշարում կը յառաջացնէ ու սպառնալիք կը դառնայ իւրաքանչիւրի ինքնութեան։ 

Այս ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա ''կրօնական'' ինքնութեան եւ ծայրայեղականներու կողմէն կրօնի չարաշահումին։ Ան ապա մատնանշեց գաղթականութեան երեւոյթէն յառաջ եկած բարիքներուն ըլլայ հիւրընկալուածին, ըլլայ հիւրընկալողին համար։ Հիւրը պարտականութիւնն  ունի յարգելու զինք հիւրընկալող հասարակութեան արժէքները, աւանդութիւններն ու օրէնքները եւ հիւրընկալող հասարակութիւնը կանչուած է արժեւորելու այն ինչ որ ամէն գաղթական կարողութիւն ունի նուիրելու հասարակութեան բարիքին։ Այս ուղղութեամբ Սուրբ Աթոռը կը նորոգէ իր յանձնառումը` ըլլայ համամիութենական ըլլայ միջ-կրօնական գետնի վրայ անկեղծ երկխօսութեան միջոցաւ արժէքաւորելու ամէն մէկուն իւրայատուկ ինքնութիւնը եւ սատարելու ներդաշնակ համակեցութեան մը` ընկերութեան զանազան խաւերու միջեւ։

Երկարաշունչ Ճառին վերջին մասին մէջ Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձ կատարեց 2015 տարուայ ընթացքին միջազգային գետնի վրայ ձեռք բերուած յաջողութիւններուն ու այս ծիրէն ներս նշեց ''Իրանի հիւլէականի թղթածրարը'', Փարիզի մէջ կայացած Կլիմայական Փոփոխութիւններու վերաբերող համաձայնութիւնը` երկրին ու համայն մարդկութեան բարիքին ի նպաստ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մատնանշեց Կիպրոսի բաժանումի հարցին, Քոլոմպիայի հակամարտութեան ու խաղաղութեան ձգտելու իղձին։  Սուրիոյ տագնապին լուծման հարցին ինչպէս նաեւ Լիպիայի ու այլ Արեւելեան երկիրներու հարցերուն։

''Ողորմութեան այս Սուրբ Տարին ըլլայ առիթ երկխօսութեան եւ հաշտութեան'' մաղթեց ապա Քահանայապետը`  որպէս նպաստ հասարակաց բարիքի կառուցումին Պուրունտիի, Քոնկոյի եւ Հարաւային Սուտանի մէջ, նոյնը մաղթելով նաեւ Ուկրանիոյ, ապա հաստատեց թէ ամէնէ մեծ մարտահրաւէրը որուն առջեւ կը գտնուինք այն է ''յաղթահարել անտարբերութիւնը միասնաբար կերտելու համար խաղաղութիւնը''։

Իմ մաղթանքս է ըսաւ ապա Քահանայապետը այս նոր տարին դարմանէ խոր վէրքերը որ իսրայէլացիներն ու պաղեստինցիները իրարմէ կը բաժնեն։

Վսեմաշուք Տիկնայք եւ պարոնայք ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը ճառին աւարտին, դիւանագիտական գետնի վրայ Սուրբ Աթոռը երբեք պիտի չդադրի գործելէ այնպէս որ խաղաղութեան ձայնը հասանելի ըլլայ մինչեւ աշխարհի կատարածը։

Կը նորոգեմ Պետական Քարտուղարութեան տրամադրութիւնը ձեր հետ համագործակցելու, զարգացնելու համար Սուրբ Աթոռի եւ ձեր ներկայացուցած երկիրներու միջեւ երկխօսութիւնը ի սպաս միջազգային հասարակութեան բարիքին, այն յոյսով որ այս ողորմութեան տարին ըլլայ առիթ որպէսզի շատ մը անտարբերութեան  ցուրտ սրտերը յաղթահարուին ողորմութեան ջերմութեամբ որ է Աստուծոյ թանկարժէք պարգեւը որ կը կերպարանափոխէ վախը` սիրոյ ու մեզ կը դարձնէ խաղաղութիւն կառուցողներ։

Այս զգացումներով ձեզմէ ամէն մէկուն ու ձեր ընտանիքներուն ու ձեր երկիրներուն կը նորոգեմ օրհնութիւններով լի տարուայ մը ամենաջերմ մաղթանքներս ։








All the contents on this site are copyrighted ©.