2016-01-11 09:52:00

Լիբանանեան Քարիթասը` զօրակցութիւն գաղթական ընտանիքներուն։


 (Ռատիօ Վատիկան) Լիբանանի Քարիթասի տնօրէն` հայր Փոլ Քարամ ահազանգ հնչեցուցած է ի տես Լիբանան ապաստանող գաղթականներու բարձր թիւին, աւելի քան 1,6 միլիոն սուրիացի, իրաքցի ու պաղեստինցի գաղթականներ։

''Ոչ երկիրը եւ ոչ ալ տեղական Քարիթասը ի վիճակի են դիմագրաւելու կացութիւնը, որ կը գոյատեւէ աւելի քան չորս երկար տարիներէ ի վեր, նկատի առնելով նաեւ երկրին տնտեսական ու սահմանադրական ծանր տագնապը'' հաստատած է Հայր Փոլ Քարամ, միաժամանակ մատնանշելով  բազմաթիւ օգնութեան ու զօրակցութեան վկայութիւններուն, որոնց շնորհիւ գաղթականները յոյսով կը դիտեն ապագան։

''Քրիստոնեայ գաղթականներուն մեծ մասը կը բաղձայ Եւրոպա եւ մասնաւորապէս Գերմանիա տեղափոխուիլ։ Մեծ վտանգ մը կայ որ Միջին Արեւելքը պարպուի քրիստոնեաներէն։ Եկեղեցին ամէն ջանք կը թափէ քաջալերելու միջազգային հասարակութիւնը` աշխատելու խաղաղութեան վերահաստատումին ի խնդիր''  դիտել կու տայ Հայր Փոլ Քարամ, ընդգծելով թէ գաղթականներու կարիքները բազմաթիւ են։ Լիբանանի Քարիթասը ոչ միայն կ՛աշխատի գաղթականներուն սնունդ երաշխաւորել այլ և կ՛աշխատի երկխօսութիւն հաստատել` իսլամ ու քրիստոնեայ երիտասարդներու միջեւ։ Երիտասարդներու պատասխանը դրական է քանի անոնք կը ձգտին խաղաղութեան ու խաղաղ համակեցութեան։ ''Տագնապի այս իրավիճակին մէջ լիբանանի ժողովուրդը յոյսով կը դիտէ ապագան ու զօրակցութիւն ցոյց կու տայ գաղթական ընտանիքներուն­, յատկապէս այսօր երբ Եկեղեցին կ՛ապրի ողորմութեան յոբելեանը'' ըսած է Հայր Քարամ աւելցնելով թէ ''բազմաթիւ ժողովրդապետութիւններ, Լիբանանի մէջ, դրական քայլեր որդեգրած են օգնութեան հասնելու գաղթական ընտանիքներուն։Ս﹒ Ծնունդի տօնին առթիւ Քարիթասի միջոցաւ բազմաթիւ ընտանիքներ դրամահաւաք կատարեցին գաղթականներուն երաշխաւորելու սնունդ իսկ մանուկներուն ու պատանիներուն հանդիսութիւններ կազմակերպեցին ու անոնց նուէրներ բաշխեցին''։ 

Հայր Փոլ Քարամ ապա  հաստատած է թէ ինք ''կը հաւատայ խաղաղութեան` հիմնուած արդարութեան ու յարգանքի վրայ'' ու այս առընչութեամբ ընդգծած է թէ ''միջազգային հասարակութիւնը պարտականութիւնն ունի լուծելու Միջին Արեւելքի տագնապը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.