2016-01-11 09:58:00

Եկեղեցական Գիտելիքներ Առաջին կիրակի Յայտնութեան (10-17 Յունուար 2016)


Կիրակի 10 Յունուարին, տակաւին կը գտնուինք Յայտնութեան Ութօրէքին մէջ եւ ամէն ինչ կը կատարուի իբրեւ թէ Քրիստոսի Յայտնութիւնն ու Մկրտութիւնը կը տօնենք։ Ութօրէքի շրջանին կը կարդացուին կամ Յիսուսի Մկրտութեան աւետարանները, կամ ալ` Մոգերու Յայտնութեան աւետարանը։

Կիրակի օրուայ Աւետարանին մէջ, կը տեսնենք  Յովհաննէս Մկրտիչի վկայութիւնը.  Երբ կը հարցնեն իրեն ՜՜ Ո՞վ ես դուն՝՝ ան կ՝ըսէ. ես ձայնն եմ որ անապատին մէջ կ՝աղաղակէ. Հարթեցէք Տիրոջ ճամբան, ինչպէս որ ըսած է Եսայի մարգարէն՝՝։

Յիսուս, անմեղը եւս  կու գայ խնդրելու մկրտութիւն Յովհաննէս Մկրտիչէն։ Քրիստոսի այս նախաձեռնութեան պատճառները երեք են. Ան նախ կու գայ ամբողջացնելու Յովհաննէսի մկրտութիւնը. Յովհաննէս կը մկրտէ ջուրով, իսկ Յիսուս` Սուրբ Հոգիով։ Ապա կ՛ուզէ օրինակ հանդիսանալ մարդկութեան թէ մկրտութիւնը անհրաժեշտ է մտնելու համար Աստուծոյ արքայութիւնը։ Ի վերջոյ` մկրտութեամբը կր յայտնէ Ամենասուրբ Երրորդութեան երեք անձերը, Հայրը, Որդին եւ Հոգին, որոնց ներգործութեամբ մենք կը դառնանք քրիստոնեայ եւ իրաւունք կ՛ունենանք ժառանգելու յաւիտենական կեանքը։

Հինգշաբթի 14 Յունուարին կը տօնենք Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի տօնը, որ է իր քարոզութեան յիշատակը անապատին մէջ. Ան կոչուած է կարապետ, որովհետեւ կ՛առաջնորդէ ժողովուրդը դէպի Քրիստոս, ինչպէս նաեւ կը պատրաստէ ճանապարհը անոր գալստեան։ Յովհաննէս երեք տօն ունի տարուան ընթացքին. Մին յունուար 15-ին, կամ անոր մօտակայ թուական մը, երկրորդը` Զատկուայ յաջորդող շաբաթ օրը, Յինանց շրջանին, որ իր գլխատման յիշատակութիւնն է, իսկ երրորդը` Յինանց շրջանէն անմիջապէս ետք` կը յաջորդէ Հռիփսիմեանց եւ Գայեանեանց տօներուն։

Շաբաթ 16 Յունուար 2016, տօնն է  Ս. Անտոն Անապատականի  ...

Կրնանք սեպել զինք (Ս. Անտոն Անապատականը)  Եկեղեցւոյ վանականներու նահապետը եւ ճգնաւորներու հայրը։ Ծնած է Եգիպտոսի Կոմա քաղաքը, 251 թուին. Իր ծնողաց մահուընէ ետք` բոլոր ունեցածները աղքատներուն կը բաժնէ եւ Թեպայի շրջանի անապատը կը քաշուի ճգնելու համար։ Երբ կը տեսնէ թէ բազմաթիւ աշակերտներ իրեն կը հետեւին եւ անապատ կը քաշուին, 305 թուին կը հիմնէ առաջին վանքը միայնակեաց կրօնաւորներու. Իր հռչակը հետզհետէ ընդարձակուելով` բազմաթիւ վանքեր կը հաստատէ, այրերու թէ կիներու, անոնց համար օրէնքներ սահմանելով (Անտոնեան կրօնաւորներու օրէնքները). կը պայքարի նաեւ արիոսեան աղանդին դէմ. Կը վախճանի 356 թուին, 105 տարեկանին, ։ Իր կեանքի եւ գործերուն մասին գրած է Ս. Աթանաս մեծ հայրապետը։

Կիրակի 17 Յունուար  Առաջաւորի Բարեկենդան է ։








All the contents on this site are copyrighted ©.