2016-01-10 12:28:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 10 Յունուարի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 10 Յունուար 2016-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Աղօթի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան սկիզբը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց թէ ''Աստուածայայտնութեան տօնին յաջորդող կիրակին կը տօնախմբենք Յիսուսի Մկրտութիւնը եւ կը յիշատակենք մեր մկրտութիւնը''։ ''Այս ծիրէն ներս է որ այս առաւօտ մկրտեցի 26 նորածիններու խումբ մը'' ըսաւ Ան ներկաներէն խնդրելով որ ''Աղօթեն անոնց համար''։

Նորին Սրբութիւնը ապա մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը­, քաղուած Ղուկասի աւետարանէն, որ կը պատմէ Յիսուսի` Յորդանան գետին մէջ Մկրտութեան դրուագը եւ Աստուածայայտնութիւնը։ Սուրբ Ղուկաս կը գրէ ''Երբ Յիսուս ինք եւս մկրտուելէն ետք կ՛աղօթեր, ահա երկինքը բացուեցաւ, Սուրբ Հոգին, մարմնաւորի կերպարանքով աղաւնիի նման իջաւ անոր վրայ եւ երկինքէն ձայն մը լսուեցաւ. Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, ես այսօր քեզ ծնայ (Ղուկաս 3, 21-2)։

Այս դէպքով - որ պատմուած է չորս աւետարաններուն մէջ – անցքը կը կատարուի Յովհաննէս Կարապետի մկրտութենէն, հիմնուած ջուրի վրայ, Յիսուսի Մկրտութեան ''Սուրբ Հոգիով եւ կրակով'' ըսաւ ապա Քահանայապետը հաստատելով թէ ''Քրիստոնէական Մկրտութեան խորհուրդին մէջ Սուրբ Հոգին հիմնական հեղինակն է. Ինքն է որ կը խափանէ եւ կ՛այրէ սկզբնական մեղքը, մկրտուողին վերադարձնելով Աստուածային շնորհքի գեղեցկութիւնը։ Ինքն է որ մեզ կը ձերբազատէ խաւարի տիրապետութենէն, այսինքն մեդքէն ու մեզ կը տեղափոխէ Լոյսի Արքայութիւն`այսինքն սիրոյ, ճշմարտութեան ու խաղաղութեան արքայութիւն։

Պահ մը խորհինք ինչ արժանաւորութիւն կ՛ունենանք Մկրտութեամբ։ ''Որքան սէր շնորհեց մեզի Հայրը որպէսզի մենք Աստուծոյ որդիներ կոչուինք. Եւ Աստուծոյ որդիներ ենք'' կը գրէ Յովհաննէս առաքեալ, յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով թէ այս սքանչելի իրականութիւնը` Աստուծոյ որդիներ կոչուելու, կը մղէ Յիսուսին` հնազանդ ծառային հետեւելու պատասխանատուութեան, ու մեր մէջ զարգացնելու Անոր առանձնայատկութիւնները` հեզութիւն, խոնարհութիւն, քնքշութիւն։ Թէեւ այս մէկը դիւրին չէ, դիտել տուաւ Սրբազան Պապը, յատկապէս երբ մեր շուրջ ունինք այնքան անհանդուրժողականութիւն, հպարտութիւն եւ դաժանութիւն, սակայն Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ ամէն ինչ կարելի կը դառնայ։

Սուրբ Հոգին որ առաջին անգամ ընկալեցինք մեր մկրտութեան օրը մեր սիրտը կը բանայ ճշմարտութեան։ Ան մեր կեանքը կը մղէ սիրոյ եւ մեր եղբայրներու զօրակցութեան ուղիին վրայ։ Սուրբ Հոգին մեզի կը պարգեւէ քնքշութիւնը Աստուածային ներումին ու մեզ կը յագեցնէ Հօր անյաղթ ուժի ողորմութեամբ։

Այսօր Յիսուսի մկրտութեան տօնին օրը, ըսաւ ապա Քահանայապետը խորհրդածութեան աւարտին, գոհութիւն յայտնենք այս պարգեւին համար ու վերահաստատենք մեր յարումը Յիսուսին, Քրիստոնեայ ապրելու յանձնառումով, որպէս անդամ եկեղեցւոյ եւ նոր մարդկութեան մը ուր ամէնքը իրարու եղբայրներ են։

Մկրտութիւնը կը շնորհուի միայն մէկ անգամ սակայն ան պէտք է վկայուի ամէն օր, որովհետեւ նոր կեանք մըն է որ պէտք է բաժնեցուի եւ լոյս` որ պէտք է հաղորդուի յատկապէս անոնց որոնք կը քալեն խաւարին մէջ։

Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը օգնէ մեզ` ուրախութեամբ եւ առաքելական նախանձախնդրութեամբ ապրելու մեր Մկրտութիւնը, ամէն օր ընկալելով Սուրբ Հոգւոյն պարգեւը, որ մեզ կը դարձնէ Աստուծոյ Որդիներ։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ապա ուզեց յատուկ օրհնութիւն շնորհել բոլոր մանուկներուն որոնք վերջերս մկրտութեան խորհուրդը ստացան, ինչպէս նաեւ բոլոր երիտասարդներուն եւ չափահասներուն որոնք վերջերս ընդունեցան դրոշմի խորհուրդը. ''թող Քրիստոսի շնորհքը անոնց ընկերանայ միշտ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը բոլոր ներկաներուն մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրեով որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.