2016-01-10 11:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ 26 նորածին մանուկներուն մատակարարեց Ս. Մկրտութեան խորհուրդը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 10 յունուար 2016-ի առաւօտեան ժամը 9,30-ին, ըստ լատինաց Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի սուրբ մկրտութեան տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ըստ աւանդութեան, Վատիկանի Սիքստինեան մատրան մէջ, Վատիկանի պաշտօնեաներու նորածին 26 մանուկներուն մատակարարեց սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը։

Այս առթիւ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած սրտաբուխ քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով ներկաներուն ըսաւ. ''Յիսուսի ծնունդէն 40 օրեր ետք­, Ան առաջնորդուեցաւ տաճար. Մարիամ ու Յովսէփ զայն ներկայացուցին Աստուծոյ։ Այսօր` Յիսուսի սուրբ մկրտութեան տօնին օրը, դուք ծնողներ, ձեր զաւակները բերած էք, ընդունելու համար այն ինչ որ արարողութեան սկիզբը խնդրեցիք, երբ ձեզի առաջին հարցումը ուղղեցի ու դուք պատասխանեցիք. հաւատք.''Ես զաւկիս համար հաւատք կը խնդրեմ''։ Եւ այսպէսով հաւատքը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ որպէս ժամանակներու հոլովոյթի օղակ։

Այս մանուկները, տարիներ ետք, ձեր տեղերը պիտի գրաւեն ուրիշ զաւակի մը հետ, ձեր թոռնիկները, ու միեւնոյնը պիտի խնդրեն.Հաւատքը։ Հաւատքը որ մեզի կը շնորհէ ս. Մկրտութիւնը։ Հաւատքը որ այսօր Սուրբ Հոգին կը ներմուծէ սրտերու, հոգիներու եւ ձեր զաւակներու կեանքին մէջ։

Դուք հաւատքը խնդրեցիք։ Եկեղեցին ձեզի պիտի տայ վարուած մոմ մը ու ձեզի պիտի ըսէ որ պահապան կանգնիք այս մանուկներու հաւատքին։ Ի վերջոյ մի մոռնաք որ ամենամեծ ժառանգութիւնը որ դուք կարող էք փոխանցել ձեր զաւակներուն հաւատքն է. Այնպէս մը ըրէք որ չկորսուի, աճեցուցէք զայն ու թողուցէք որպէս ժառանգութիւն։

Ձեզի կը մաղթեմ որ այսօր`ուրախութեան այս օրուայ մէջ­, ըլլաք կարող ձեր զաւակները մեծցնելու հաւատքի մէջ որ է ամենամեծ ժառանգութիւնը որ անոնք կարող են ձեզմէ ստանալ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա  խօսքը ուղղելով մայրերուն ըսաւ ''եթէ ձեր մանուկը կու լայ որովհետեւ անօթի է, կերակուր տուէք անոր այստեղ, ամենայն ազատութեամբ''­, հուսկ քարոզը եզրափակեց ըսելով եղբայրներ եւ քոյրեր առ Աստուած` կեանքի սկիզբ եւ աղբիւր, բարձրացնենք մեր աղերսը այս մանուկներուն համար, անոնց ծնողներուն, անոնց կնքահայրերուն եւ կնքամայրերուն ու բոլոր մկրտուածներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.