2016-01-09 09:33:00

Վատիկանի մէջ վիճակահանութիւն ի նպաստ գաղթականներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանը կը տեղեկացնէ որ երրորդ տարուայ համար կազմակերպած է վիճակահանութիւն ի սպաս Սրբազան Հօր բարեսիրական նուիրատուութիւններուն եւ թէ տոմսերը պիտի վաճառուին մինչեւ մէկ Փետրուար 2016։

Տոմսին արժէքը տասը եւրօ է եւ կարելի է գնել Վատիկանի դեղարանէն, թանգարանէն գրատունէն վաճառատունէն եւ փոստէն ﹒﹒﹒։

Այս տարի Սրբազան Պապը կը բաղձայ վիճակահանութենէն հաւաքուած դրամը տրամադրել տնազուրկներուն ու գաղթականներուն։ Վիճակահանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2 Փետրուարին։ Մրցանակները` 2015-ին Պապին ստացած նուէրներն են։








All the contents on this site are copyrighted ©.