2016-01-09 08:30:00

Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի աւանդական մատակարարում Սիքստինեան մատրան մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 10 յունուար 2016-ի առաւօտեան ժամը 9,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ըստ աւանդութեան Վատիկանի Սիքստինեան մատրան մէջ, Վատիկանի պաշտօնեաներու նորածին մանուկներուն կը մատակարարէ սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը։
Միքէլանճէլոյի սքանչելագործ  նկատուած Սիքստինեան այս մատուրը որ ամէն տարի Վատիկան կը մղէ միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ եւ որ է վայրը ուր տեղի կ՛ունենան կարդինալներու Պապընտիր ժողովները, կառուցուած է Կիւրեղ Բ Քահանայապետի օրով ու անոր բացումը կատարուած է 31 Հոկտեմբեր 1512-ին, Կիւրեղ Բ -ի գլխաւորած ժամասացութեան արարողութեամբ։
Անոր աշխատանքները տեւած են 4 տարիներ (1508-1512) որոնց ընթացքին Միքէլանճէլոն իրագործած է դարերու հոլովոյթին գեղարուեստի ''կանթեղ'' դարձած իր այս 1000 մեթր քառակուսի տարածութիւն ունեցող ստեղծագործութիւնը։

Սիքստինեան մատրան 500-րդ տարեդարձին առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը` Սիքստինեան մատրան մէջ գլխաւորած ժամասացութեան արարողութեան ընթացքին հաստատած էր ''աշխարհը խաւարի եւ անպատեհութեան արդիւնք մը չէ այլ յառաջ եկաւ իմացականութենէն, ազատութենէն ու Սիրոյ գերագոյն ներգործութենէն։ Աստուծոյ լոյսն է որ սիքստինեան մատրան որմանկարները կը լուսաւորէ''։ ''Աստուծոյ լոյսը որ իր զօրութեամբ կը յաղթէ խաւարին, կեանք պարգեւելու համար։ Սիքստինեան մատուրը կը պատմէ այս լոյսի պատմութիւնը, փրկութեան եւ ազատագրումի պատմութիւնը ու կը խօսի Աստուծոյ ու մարդկութեան միջեւ յարաբերութեան մասին...Աստուծոյ ու մարդու մատերու միութեան մէջ մենք կ՛ըմբռնենք կապը երկրի ու երկնքի միջեւ։ Այստեղ աղօթելը հրաւէր մըն է համայն սուրբերուն հետ միասին, Արարիչ Աստուծոյ, Փրկիչ ու ողջերու եւ մեռեալներու դատաւորին, բարձրացնելու մեր աղերսը ըսելով ''Ամէն Ալէլուիա, Օրհնեցէք մեր Աստուածը` անոր բոլոր ծառաները, դուք որ` մեծ ու պզտիկ` անոր երկիւղն ունինք''։








All the contents on this site are copyrighted ©.