2016-01-09 08:54:00

2015ը եղաւ կրօնական հալածանքի ''սեւ տարի'' մը Չինաստանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Դէտերու գնահատումով 2015ը կրօնական հալածանքի տեսակէտով Չինաստանի պատմութեան մէջ ամենէն սեւ տարիներէն մէկը եղաւ։

Միմիայն Zhejiang արեւելեան մարզին մէջ աւելի քան 1500 եկեղեցիներ կործանուեցան։ Կրօնական խումբերու ու համայնավար կուսակցութեան յարաբերութիւնները վատթարացած են ու Մաոյի իշխանութենէն ասդին լարուածութիւնը իր գագաթնակէտին հասած է։

Խաչերու կործանումները խզում ստեղծած են իշխանութեան ու բնակչութեան միջեւ։Եպիսկոպոսները հրապարակաւ դատապարտած են տեղական իշխանութիւնները։ Պետութիւնը ամէն ջանք կը թափէ ազգայնացնելու եկեղեցիները։ Այդ ուղղութեամբ անցեալ Մայիսին Չինաստանի նախագահը Xi Jinping անձամբ միջամտած է պաշտօնական ճառի մը ընթացքին։

Լրատու Ucanews-ի գնահատումով Չինաստանի մէջ քրիստոնեաները կը հաշուեն աւելի քան 100 միլիոն որոնց մեծամասնութիւնը բողոքական են։








All the contents on this site are copyrighted ©.