2016-01-08 09:19:00

Ողորմութեան Տարուան առթիւ Ս. Pio da Pietrelcina-ի աճիւնները Վատիկան կը փոխադրուին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Անձինք նուիրեալք'' տարւոյն աւարտին, յառաջիկայ 2 Փետրուար 2016-ին, Սուրբ Pio da Pietrelcina-ի  աճիւնները  (անաղարտ մարմինը) պիտի փոխադրուիn Manfredonia-ի աթոռանիստ եկեղեցի  ուր տեղւոյն առաջնորդը` գերապայծառ Michele Castoro պատարագ պիտի մատուցէ երեկոյեան ժամը 6-ին եզրափակելու կրօնական կեանքի նուիրուած տարին, մասնակցութեամբ թեմի բոլոր կրօնաւորներու ու կրօնաւորուհիներուն։

3 Փետրուարին, սուրբին մարմինը Հռոմ կը մեկնի, ուր յետմիջօրէին պիտի զետեղուի Վերանաօ գերեզմանատան ''Սան Լորենցօ'' Պազելիքային մէջ, նոյնպէս հոն պիտի զետեղուին ս. Լէոփոլտօ  Մանտիչի  աճիւնները։

5 Փետրուարին` յետմիջօրէին, երկու սուրբերու մարմինները ս. Պետրոսի պազիլիքա պիտի փոխադրուին։

6 Փետրուարին` առաւօտեան ժամը 10-ին , ս. Պետրոս հրապարակին վրայ ֆրանչիսկոս Պապը յատուկ ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ ''Padre Pio''ի աղօթքի յարող խումբին, Սուրբին կառուցած հիւանդանոցի (տառապանքի ամոքող տան) պատասխանատուներուն եւ Manfredonia թեմի հաւատացեալներուն։

9 Փետրուարի առաւօտեան,  ֆրանչիսկոս Պապը համապատարագ պիտի մատուցէ աշխարհի կրցեր ֆրանչիսքեան կրօնաւորներու հետ։

10 Փետրուար, չորեքշաբթի` ''Օր Մխրոց'', Սրբազան Պապը  ողորմութեան 1000 միսիոնարներու իրաւունք պիտի շնորհէ ըլլալու ''նշանը Եկեղեցւոյ մայրական հոգատարութեան հանդէպ Աստուծոյ ժողովուրդին''։ ֆրանչիսկոս Պապը անոնց պիտի տայ իշխանութիւնը թողելու նաեւ այն մեղքերը որոնք վերապահուած են միայն Առաքելական Աթոռին։

11 Փետրուարին երկու սուրբերու մասունքները վերադարձ կը կատարեն դէպի Pietrelcina։








All the contents on this site are copyrighted ©.