2016-01-08 11:53:00

Ողորմութեան Յոբելինական տարի


Աստուծոյ Ողորմութիւնը
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Վատիկանեան Բ. Ժողովի փակման 50րդ տարեդարձը հռչակեց իբր բացառիկ յոբելինական տարի, դնելով զայն «Ողորմութեան» խորհուրդի բնաբանին տակ։ Աշխարհի չորս կողմը կրօնական եւ ոչ կրօնական մամուլը եւ լրատուական միջոցներ անդրադարձան «Ողորմութեան» այս տարւոյն խորհուրդին, զայն նկատելով իբր պահանջք ներկայ ժամանակներու համար, ուր պատերազմներ, բռնութիւն, ստրկութեան զանազան կերպեր, բնութեան աւերում եւ մարդու պատճառած այլ աղէտներ կը ձաղկեն ամբողջ մարդկութիւնը՝ անխուսափելիօրէն տանելով զայն դէպի կործանման պատուհասը։ Սակայն Աստուծոյ ողորմածութիւնը մարդ արարածին հանդէպ, ինչպէս մեզի կը յայտնուի Հին եւ Նոր Ուխտերուն, Աստուածաշունչի մէջ, միշտ անպակաս եղած է։ Աստուծոյ ողորմութեան ամենէն ցայտուն արտայայտութիւնն է Յիսուսի մարդեղութիւնը, չարչարանքներն ու մահը։ Հին ու Նոր Ուխտը կոչ կ’ուղղեն նաեւ մարդ արարածին՝ ըլլալ ողորմած։ Եկեղեցին ըստ Աստուածաշունչի այս պահանջքին միշտ քարոզած է Աստուծոյ ողորմածութիւնը, միշտ յորոդորած է հաւատացեալը ըլլալ ողորմած, գթասիրտ ու կարեկցող։

Այս հաղորդաշարին մէջ կ’ուզենք ներկայացնել յատկապէս հայ կրօնական եւ աստուածաբանական մատենագրութենէն վկայութիւններ, որոնք կը ներկայացնեն Աստուծոյ ողորմածութիւնը, Անոր սէրն ու գութը մարդ արարածին հանդէպ՝ ըլլա՛յ ան արդար կամ մեղաւոր։ Հաղորդաշարի ծիրին մէջ չէ կարելի ամփոփել այս հարցին առընչուած աստուածաշնչական բոլոր վկայութիւնները։ Պիտի բաւականանանք յիշատակումներ կամ մէջբերումներ կատարելով միայն այն պարագային, ուր մեր մատենագրութեան բնագիրները կը պահանջեն յստակացում սուրբգրային մէջբերումներով։
«Ողորմութիւն» բացատրութիւնը՝ ըստ գործածութեան, նրբերանք բառ մըն է։ «Ողորմիլ» բառին կը համապատասխանեն «խղճալ», «ափսոսալ», «ցաւիլ», «գութ ցուցաբերել», «թշուառին կարեկցիլ», «դժբախտին, խեղճին, աղքատին օգնել» եւն.։ Իսկ եթէ քննել ուզենք բառի ստուգաբանութիւնը զանազան լեզուներու մէջ, պիտի հանդիպինք զանազան ըմբռնումներու։ Զոր օրինակ, Մատթէոսի Աւետարանի լերան քարոզին մէջ, ուր Յիսուս երանի կը կարդայ ողորմածներուն, յունարէն համապատասխան բառը ունի նաեւ «կարեկցող» իմաստ։

Սուրբ Գրքի մէջ բազմիցս կը յիշուի Աստուծոյ ողորմութիւնը։ Այնտեղ կրնանք տեսնել զանազան իմաստներ, ինչպէս՝ «ներողամտութիւն», «տկարին հանդէպ հասկացողութիւն», «բարիքներու բաշխում», «օգնութիւն» եւն.։ Յիսուս նաեւ մեզմէ՛ կը պահանջէ «ողորմած» ըլլալ։ Մարդկային յարաբերութիւններու մէջ «ողորմած» ըլլալը արդարութեան եւ բարոյականութեան վերաբերմունք է - բաց սիրտ ունենալ ուրիշի կարիքներուն եւ թշուառութեան հանդէպ, ներել, բարիք ընել։

Աստուծոյ ողորմածութիւնը անսահման է։ Աստուած նոյնիսկ սուրբերու բարեխօսութեամբ մեր վրայ կը զեղու իր ողորմութիւնը։ Ագաթանգեղոս, իր “Պատմութեան” նախաբանին մէջ կը խօսի նաւավարի մասին, որ կը դիմէ դէպի նաւահանգիստ։ Ապա ան սուրբերը կը նմանեցնէ այդ նաւավարին, որոնք կ’ընթանան սրբութեան ճանապարհէն, հասնելով նաւահանգիստ, արժանանալով լուսեպսակին։ Անոնց բարեխօսութեան միջոցաւ «աստուածային գութը՝ ողորմութիւն եւ քաւութիւն կը շնորհէ աշխարհի»։ Եթէ Աստուած ճգնասուն ու զոհաբեր սուրբերու բարեխօսութեամբ աշխարհի ողորմութիւն եւ քաւութիւն կը շնորհէ, որքան աւելի մեծ ու անսահման է Անոր ողորմութիւնը՝ շնորհուած Որդւոյն զոհաբերումին միջոցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.