2016-01-08 12:07:00

Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Արամ Ա Վեհափառին


Հինգշաբթի, 7 Յունուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքը շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Հոգեւոր Տիրոջ կ’ընկերանային Մանուէլ Պաթագեան եւ Գէորգ Ասատուրեան եպիսկոպոսները:

Վեհափառ Հայրապետը ընդունելէ ետք Հոգեւոր Տիրոջ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին բարեմաղթութիւնները, քննարկեցին Սուրիոյ հայ համայնքին դժուարութիւնները, Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումները: Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպումի աւարտին, Նորին Սրբութիւնն ու Հոգեւոր Տէրը Սուրիոյ հայ համայնքին իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին, եւ շեշտեցին ազգային միասնականութիւնը ամուր պահելու հրամայականը:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.