2016-01-07 09:27:00

Ֆրանսայի մէջ ''բաց մզկիթներու'' նախաձեռնութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) 9 և 10 Յունուար 2016ին մահմետական մշակոյթի ֆրանսական խորհուրդը նախաձեռնած է մզկիթները բանալ հանրութեան խնդրելով իսլամ կրօնապետերէն լաւապէս ընդունել այցելուները  նպաստելու համար երկխօսութեան հաստատումին։

Charlie Hebdo-ի ու Hyper Cacher-ի ոճրագործութիւններու ու մահափորձերէն ետք Փարիզին մէջ մահմետական մշակոյթի ֆրանսական խորհուրդի նախագահը` ''Anouar Kbibech'' խնդրեց մզկիթներու պատասխանատուներէն լայն բանալ իրենց դռները որպէսզի հանրութիւնը առիթը ունենայ մօտէն ճանչնալու Քուրանը եւ̦ ծիսական արարողութիւնները ինչպէս նաեւ պատասխանելու հանրութեան հարցումներուն լաւագոյնս ճանչնալու իսլամ կրօնքը, յաղթահարելու համար  նախապաշարումն ու վերապահութիւնները։ Յայտնենք որ ֆրանսային մէջ իսլամները կը հաշուեն աւելի քան 4̦5 միլիոն եւ ունին 2449 պաշտամունքի վայրեր, որոնց 64ը մինարէթ ունին։








All the contents on this site are copyrighted ©.