2016-01-07 13:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 7 յունուարի քարոզը ''Ողորմածութիւնը մեր հաւատքի սիրտն է''


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 7 յունուար 2016-ի առաւօտուն, վերսկսան ծննդեան տօնական շրջանի ընդհատուած Քահանայապետի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած առօրեայ պատարագի քարոզները։ Տարուան այս անդրանիկ քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ  զգուշացուց աշխարհիկ հոգիներէն որոնք կը հեռացնեն մեզ`  մեզի համար մարդացած Աստուծմէ։

Կեդրոնանալով Յովհաննէս Առաքեալի նամակէն քաղուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումին վրայ, Ֆրանչիսկոս Պապ խորհրդածեց ''Աստուծոյ մէջ մնալ'' խօսքին վրայ հաստատելով  թէ Քրիստոնեան այն անձն է որ ''կը մնայ Աստուծոյ մէջ'' եւ որ '' թոյլ կու տայ Սուրբ Հոգիին որ առաջնորդէ զինք''։

Միաժամանակ սակայն առաքեալը  կը զգուշացնէ ''ոեւէ հոգիի'' նկատմամբ հաւատք ցուցաբերելու եւ  թէ հարկաւոր է  այդ հոգիները  փորձի ենթարկել   հասկնալու համար եթէ անոնք  իսկապէս Աստուծմէ  յառաջ կու գան''։

Բացատրելով ապա թէ ի՞նչ կը նշանակէ փորձի ենթարկել հոգիները Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց թէ ''ուրուական'' մէկ երեւոյթ մը չէ այլ հարկաւոր է հասկնալ եթէ անոնք յառաջ կու գան  Աստուծմէ կամ անոր հակառակորդներէն։ 

Լաւ  քննարկելու համար մեր հոգիները Յովհաննէս առաքեալը մեզի կու տայ  հետեւեալ  յորդորը ՝՝Իւրաքանչիւր հոգի որ կը ճանչնայ մարդացած Յիսուս Քրիստոսը՝ Աստուծմէ է. եւ իւրաքանչիւր հոգի որ չի ճանչնար Յիսուսը, Աստուծմէ չէ՝՝  ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով թէ այն բաները որ մեզ չեն մղեր դէպի Աստուած ու դէպի մեր մերձաւորը՝ մեր եղբայրը, Աստուծմէ յառաջ չեն գար։

Մենք կարող ենք բազմաթիւ հովուական խնամակալութեան ծրագիրներ մշակել սակայն եթէ չհետեւինք մարդեղացած Աստուծոյ քայլերուն, մենք սխալ ճամբու վրայ ենք` աշխարհիկ հոգիի ճամբուն վրայ, յարեց ապա Քահանայապետը հաստատելով թէ  

''Ողորմութեան գործերը գործնական արտայայտութիւնն են Աստուածոյ Որդւոյն մէջ մեր ունեցած հաւատքին` որովհետեւ ամէն մէկ եղբար կամ քոյր որ պիտի սիրենք` մարմինն է Քրիստոսի։ Աստուած մարդեղացաւ ինզինք նոյնացնելու մեզի ու երբ տառապինք նոյնինքն Քրիստոսն է որ կը տառապի։ 

''Մի հաւատաք ոեւէ հոգիի. ուշադիր եղէք'' յորդորեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով թէ ''Մերձաւորին, եղբօր  կամ քրոջ մը նկատմամբ ծառայութիւնը'' նշան է թէ մենք կ՝ընթանանք բարի հոգիի ուղիին վրայ՝ այսինքն Աստուծոյ Խօսքին ուղիին վրայ զոր մարդացաւ։

Հայցենք Տիրոջմէ շնորհքը լաւապէս ճանչնալու թէ ինչ կը պատահի մեր սրտին մէջ, ու հասնալու եթէ այդ մէկը Աստուծոյ Հոգին է որ զիս կը մէ ուրիշներու ծառայութեան եւ կամ աշխարհիկ հոգին որ զիս կը մղէ եսասիրութեան ու փակումի....խնդրենք շնորհքը հասկնալու թէ ինչ կը պատահի մեր սրտերուն մէջ'' եզրափակեց Ֆրանչիսկոս պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.