2016-01-07 09:33:00

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ (18-25) Յունուար:


(Ռատիօ Վատիկան) 18-25 Յունուար քրիստոնեայ աշխարհը իր աղօթքները կը բարձրացնէ առ Աստուած հայցելու քրիստոնեաներու միութիւնը։ 2016-ի խորհրդածութեան նիւթը ներշնչուած է Պետրոս առաքեալի ընդհանրական առաջին թուղթէն (1 Պետ﹒2̦9) ʺ կանչուած էք հռչակելու համար գովաբանութիւններն Անոր որ ձեզ կանչեց խաւարէն իր սքանչելի լոյսին''։ Առօրեայ խորհրդածութիւններու շարքը պատրաստեց Լեթոնիայի համամիութենական միջ-դաւանական յանձնախումբ մը Ռիկա թեմի առաջնորդ` արքեպիսկոպոս Zbigņevs Stankevičs-ի խնդրանքով։﹒








All the contents on this site are copyrighted ©.